Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի «STUDIUM MARCIANUM» հաստատութեան հետ, կազմակերպած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-18: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 19-ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31-ին, մեկնում՝ Օգոստոս 20-21-ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18:
Դիմումները պէտք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ։
ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է՝ 750 եւրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին:
Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտի 31-ը: Այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եւրօ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍ-ի 30-ը, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց՝ որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ:
Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն՝ ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի՝
Assoc. Padus-Araxes – c/o Centro di Documentazione della Cultura Armena, Loggia del Temanza, Corte Zappa, Dorsoduro 1602, I-30123 VENEZIA
Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագրերու միջոցով, որ է՝ mandat-poste international/international money-order:
Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին:
Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ: Ամբողջ այս շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 880 եւրօ առանձին սենեակի մէջ, 650 եւրօ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ՝ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, Համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժեն շուրջ 9 եւրօ:
Անոնք, որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝daniela@padus-araxes.com;
benedettacon@gmail.com:
Ի հարկին հեռաձայնել բջիջայնի թիւերուն՝ +39.347.4562981 (Դանիէլա) եւ +39.349.0986027 (Բենեդետտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-13:00, և կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի և Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20:00-21:30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար:
ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի Համալսարանի կամ որեւէ այլ իտալական Հիմնարկի գրասենեակներուն: