Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած լուրերուն համաձայն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի Մոսկուայի «Սպարտակի» կիսապաշտպան Արազ Օզպիլիս կը տեղափոխուի թրքական «Պեշիքթաշ»:
Ըստ «CNNTurk» լրատուական ծառայութեան` կողմերու միջեւ փոխանցման հարցով արդէն համաձայնութիւն կայ 4.5 տարուան պայմանագիր կնքելու վերաբերեալ:
Կը հաղորդուի, որ այսօր Օզպիլիս կը մեկնի Իսթանպուլ, ուր առողջական զննումէ ետք տեղի կ’ունենայ պայմանագիրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` «CNNTurk»-ը կ’աւելցնէ նաեւ, որ Օզպիլիս մինչեւ շրջանի աւարտը վարձակալութեամբ հանդէս կու գայ սպանական «Ռայօ Վալեքանօ»- ի մէջ: