վերջերս’ ամէնօրեայ թեմա է Սուրիահայութեան հոսքը դէպի Գանատա եւ ըստ մեր բարի սովորութեան, աջեն ու ցախէն կը սկսինք լսել քննադատութիւններ եւ երբեմն մեղադրանքներ, հայրենասիրական դասախօսութիւններ, յանկարծ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, որ կարծես մարդիկ իրենց ազատ կամքով եւ ամբողջական համոզումով կը լքեն իրենց խաղաղ կեանքը, տունը, գործը եւ կը գաղթեն’ աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու նպատակաւ: չեն ըսեր որ տարիներ տառապելէ ետք, Հալէպէն ներս թէ դուրս, շատերը նաեւ փորձելէ ետք , Հայաստան եւ կամ Լիբանան, ժամանակաւոր կեցութեամբ, կամ մնայուն, չի կարողացան յաջողիլ շրջանցելու դժուարութիւնները եւ պարտաւորուած դիմեցին այս ընտրանքին քաջ գիտակցելով որ երկինքէն մանանայ պիտի չի տեղայ, այդ ցուրտ երկրին մէջ : Անոնք այսօրուան պայմաններուն մէջ, ամենայարմարը նկատեցին եւ իրենց ընտրանքը կատարեցին: Յարգելիներ’ չի բաւեր ըսելը երանի անոնց ընտրանքը Հայաստան ըլլար, ըսելով ,խօսելով, ապուռ չեփիր ինչպէս որ պիտի ըսեր ժողովրդային ասացուածքը. փաստօրէն գործնականին մէջ, բոլոր տեսակի սահմանափակ օգնութիւնները, լուծում չի բերին այս մարդկանց . չի յաջողեցան, չի դիմացան իսկ անոնք որոնք յաջողեցան, թէկուզ մասնակի յաջողութիւն ,արդէն տակաւին Հայաստան կամ Պէյրութ են եւ կը շարունակեն կեանքի պայքարը: քննարկման նիւթ է թէ ով է մեղաւորը, ցաւ ի սրտի այսպիսի առիթ կորսնցուց Հայաստանը , որ իր կարգին դժուարութիւն ունի իր սեփական ժողովուրդը պահելու Հայաստանի մէջ, այդ ալ ուրիշ քննարկման նիւթ է . բայց եկէք այսօր վերադառնալով մեր թեմային, յարգենք մարդկանց որոշումը հասկնալով իրենց դժուարին պայմանները , իրենց յաջողութիւն մաղթենք ուր որ ալ գտնուին:
Յարգենք Սուրիահայերուն ընտրութիւնը
Հրապարակախօս Յովիկ Թրթրեան կը գրէ