Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարը կոչ կ’ուղղէ` հաստատելու քրտական անկախ պետութիւն մը

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Այելեթ Շաքետ կոչ ուղղած է` հաստատելու անկախ Քիւրտիստան մը, քայլ մը, որ ըստ անոր, պիտի տկարացնէ շրջանին մէջ Իսրայէլի մրցակիցները:

Ըստ «Թայմզ աֆ Իսրայէլ» օրաթերթին, Շաքետ Երեքշաբթի օր Թել Աւիւի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Մենք պէտք է հրապարակաւ կոչ ուղղենք` հաստատելու քրտական պետութիւն մը, որ Իրանը կ՛անջատէ Թուրքիայէն եւ Իսրայէլի նկատմամբ պիտի ունենայ բարեկամական վերաբերմունք»: