Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած կոտորածը մինչեւ այսօր համարժէք գնահատական չէ ստացած: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը` Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 26-րդ տարելիցին առիթով:
Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ՛ըսուի.
«1990-ի Յունուար 13-19-ը Պաքուի ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ու իրականացուած է հայ բնակչութեան զանգուածային կոտորածը: Միայն իր ազգային պատկանելութեան համար տեղի շուրջ քառորդ միլիոն հայութիւնը ենթարկուած է բռնութիւններու, կոտորածի ու տեղահանման, որուն հետեւանքով քաղաքը ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Թալանի ու բռնագրաւման ենթարկուած է Պաքուի հազարաւոր հայ բնակիչներու անշարժ ու շարժական գոյքը: Բռնութիւններուն զոհ գացած է աւելի քան 400 հայ, որուն մասին կը վկայեն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները:
«Այդ օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւնները 1988-ի Փետրուարին Սումկայիթի, իսկ այնուհետեւ` Ատրպէյճանի հայաշատ այլ բնակավայրերու մէջ չդատապարտուած ջարդերու շարունակութիւնն էին, որոնք իրականացուած են ԽՍՀՄ ղեկավարութեան իմացութեան եւ թոյլտուութեան պայմաններուն մէջ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով տարածուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ միայն կը նենգափոխեն «սեւ Յունուարի» էութիւնը, այլեւ լռութեան ու մոռացութեան կը մատնեն «երեք ջարդերու մայրաքաղաքին» պատմութիւնը` փորձելով կոծկել Պաքուի 1905-ի, 1918-ի եւ 1990-ի կոտորածներուն ու ատրպէյճանահայութեան հանդէպ իրականացուցած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ակնյայտ հետեւանքները:
«Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած սոսկալի կոտորածը մինչ այսօր համարժէք գնահատական չէ ստացած: Աւելին, վերջին քսանվեց տարիներուն օգտուելով անպատժելիութենէն` Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւն, որ կ՛ուղեկցուի զինադադարի պարբերաբար խախտումներով եւ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով:
«Յարգելով Պաքուի ջարդերուն ու բռնատեղահանութեան զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը ու դատապարտելով այլատեացութեան, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը.
«Կը վերահաստատէ, որ Պաքուի ջարդերը լիովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպման,
«կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ, որպէսզի ատրպէյճանահայութեան ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներն ու իրականացնողները, համաձայն միջազգային չափանիշներու, ենթարկուին պատասխանատուութեան,
«կոչ կ՛ընէ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ խորհրդարանական կառոյցներուն` դատապարտելու Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը, անոնց տալ իրաւական գնահատական»: