Ուքրանիոյ մէջ հայկական գրատպութիւնը արդէն 400 տարեկան է

2016 թուականը` յագեցած է Ուքրանիոյ հայկական սփիւռքի համար յիշարժան տարեթիւերով, ու այդ կապակցութեամբ մենք շատ ծրագիրներ ունինք: AnalitikaUA.net –ին տուած հարցազրոյցին այս մասին պատմած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան:

Ինչպէս նշած է պատմաբանը, Ուքրանիան պատմականօրէն միշտ ալ եղած է երկիր մը, ուր եղած են մեծ ու կազմակերպուած հայկական համայնքներ: «Եւ պատահական չէ, որ հէնց Լվովի մէջ 1616-ին Յովհաննէս Կարամաթենցին ստեղծած է հայկական տպագրութիւն, որ դարձած է հայկական գրատպութեան չորրորդ կեդրոնը Վենետիկէն, Կոստանդնուպոլսէն ու Հռոմէն ետք»:

«Այս տարի մենք կը նշենք Ուքրանիոյ մէջ հայկական գրատպութեան 400 -ամեակը, ուքրանահայերու առաջին տպագիր գիրքի` «Դաւիթ եւ Սաղմոս»-ի յոբելեանը:

«Սա շատ ուշագրաւ տարեթիւ է Ուքրանիոյ հայկական սփիւռքին համար, որ կը վկայէ ատոր պատմական ու մշակութային հարստագոյն ժառանգութեան մասին, որ ձեւաւորուած է դարերու ընթացքին: Լվովի հայկական տպագրութիւնը ցոյց  կու տայ հայկական համայնքի մտքի յառաջադիմութիւնը, անոր արժէքներն ու ներուժը անգնահատելի դերակատարումը համաշխարհային մշակոյթին մէջ:

«Քանի որ սա յիշարժան տարեթիւ է, մենք դեռ անցած տարի  սկսած ենք յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներ իրականացնել: 2015-ին յաջողութեամբ մեկնարկած են երկրի բազմաթիւ շրջաններու մէջ հայկական գիրքի հիմնադրամ ստեղծելու ծրագիրները, որոնք արդէն լաւ աւանդոյթ  դարձած են:

«Իսկ այս տարի ծրագրուած են տարատեսակ ձեռնարկներ, որոնք նուիրուած են թէ՛ հայկական գրատպութեան յոբելեանին, թէ՛ այլ յիշարժան տարեթիւերու»,- յայտնած է Դաւթեան: