Սարատովի մարզին մէջ Հայաստանի քաղաքացիները կը զբաղուին ջերմոցային տնտեսութիւններու զարգացմամբ: Միխայլովկա գիւղին մէջ գործարարներ Արմենակ Մկրտչեանն ու Արմէն Սարգսեանը 4 հա հող զբաղեցնող նոր ջերմոցներ շահագործած են:
rusarminfo.ru-ի փոխանցմամբ` ջերմոցներու կառուցումը մեկնարկած է դեռ 2014-ին, նախագիծը կազմած է մօտ 1 մլր ռուպլի: 2015-ին գործարարները շահագործած են 5 հա հող զբաղեցնող առաջին ջերմոցային տարածքը: 12 հա հող զբաղեցնող եւ ներդրումներու անհրաժեշտ չափով ապահովուած նախագիծը ամբողջութեամբ կ’իրականացուի մինչեւ 2018թ.: Ջերմոցները կառուցուած է հոլանտական նորագոյն արուեստագիտութիւններով:
Ողջ ջերմոցային համալիրի արտադրողականութիւնը կը կազմէ 5 հազ. թոն բանջարեղէն տարեկան կտրուածքով. երկու հազարական թոն լոլիկ եւ վարունգ, ինչպէս նաեւ հազար թոն պղպեղ: Հայ գործարարները արդէն իսկ ռուսաստանցիներուն համար ստեղծած են 300 աշխատատեղ:
Սարատովի մարզի նահանգապետ Վալերի Ռատաեւը հայ գործարարներու նախագիծը որակած է որպէս հակառուսաստանեան պատժամիջոցներուն ուղղուած պատասխան քայլ:
«Անոնք ջերմոցներ կառուցած են բաց դաշտի վրայ: Այստեղ կիրառուած են նորագոյն տեխնոլոգիաներ, որոնք այսօր առկայ են ջերմոցային տնտեսութիւններուն մէջ: Սա է մեր պատասխանը պատժամիջոցներուն», – ըսած է լրագրողներուն նահանգապետը:
Այս նախագիծը կը բխի Ռուսաստանի շահերէն` հաշուի առնելով թրքական ապրանքներուն հանդէպ սահմանուած արգելքները: Այս տարուան Յունուար 28-ին կը սպասուի լոլիկի եւ վարունգի բերքահաւաքը: Բանջարեղէնը կ’իրացուի Սարատովի շուկաներուն մէջ` փոխարինելով թրքական արտադրանքին:
Նշենք, որ Ռուսաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տուեալներով, անհրաժեշտ է կառուցել եւս 1,5 հազ. հա հող զբաղեցնող ջերմոցներ` երկիրը բանջարեղէնով ապահովելու համար: Ներկայիս ջերմոցները կ’ապահովեն երկրի ներսը սպառուող բանջարեղէնի միայն 33%-ը: