Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն, հեռուստամեկնաբան Գէորգ Ալթունեան «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ« (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին յանձնած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան ամէնամեայ մրցանակը. Կը տեղեկացնէ Առաջին ալիք Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Ռուբէն Վարդանեան արժանացած է «Առաջին լրատուական»-ի 2015 թուականի «Տարուայ մարդ» տիտղոսին: Մրցանակը շնորհուած է 2015 թուականին մեկնարկած 100 LIVES նախագիծին եւ անոր ծիրէն ներս հիմնուած «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակին, ինչպէս նաեւ Վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ տաճարի վերականգնման ծրագիրին համար: