Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի` ԵԽԽՎ-ի նախագահ ընտրուած է սպանացի պատգամաւոր Փետրօ Ակրամունթը:
Ակրամունթի թեկնածութիւնը առաջարկուած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան կուսակցական կողմէ: ԹԵՐԹ.ամ-ի փոխանցմամբ` այլ թեկնածութիւններ չեն առաջադրուած:
Վեհաժողովի անդամներէն ոչ մէկ հակաճառած է անոր ընտրուելուն դէմ, որուն պատճառով ձեւական քուէարկութիւն տեղի չէ ունեցած:
Ակրամունթը Սպանիոյ ծերակոյտի անդամ է` Վալենսիայէն: Քաղաքական գործիչը յայտնի է Ուքրանիոյ օգտին իր յայտարարութիւններով, ան նաեւ Ղրիմի կցումին խիստ քննադատն է:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս կը գրէ կայքը, որոշ մարդիկ անոր ընտրութիւնը վիճելի կ՛անուանեն, քանի որ անոր անունը հնչած է Ատրպէյճանի կողմէ ԵԽԽՎ-ի անդամներուն կաշառելու վերաբերեալ լրագրողական հետաքննութիւններու մէջ: