ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը ՀՀ նախագահի նուէրը փոխանցեց Հալէպի հայկական վարժարաններու տնօրէններուն

Յունուար 25-ին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան հիւրընկալեց հալէպահայ վարժարաններու տնօրէնները։ Հանդիպման ընթացքին գլխաւոր հիւպատոսը նախ բարի գալուստ մաղթեց հրաւիրեալներուն, նշելով, որ հիւպատոսութեան դուռը միշտ բաց է բոլորին դիմաց՝ ողջունելու եւ օգնութիւն մատուցելու մեր հայրենակիցներուն։

Գլխաւոր հիւպատոսը շեշտեց, որ սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս Հալէպի հայութեան խնդիրները ՀՀ նախագահին եւ իշխանութիւններուն ուշադրութեան կիզակէտին կը մնան։ Ապա աւելցուց, որ ՀՀ Սուրիոյ դեսպանատունը եւ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի շարունակեն ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ հնարաւորինս թեթեւցնելու սուրիահայութեան դժուար կենցաղն ու գործունէութեան ծանր պայմանները։ Գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ կրթական մշակներուն՝ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայոց այբուբենը, գրականութիւնն ու պատմութիւնը սորվեցնելու համար։ Այնուհետեւ ան հայկական վարժարաններու տնօրէններուն փոխանցեց Ամանորի եւ Ս․ Ծննդեան առիթներով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հայկական վարժարաններուն յղած շնորհաւորական ուղերձն ու դրամական պարգեւը։ Տնօրէնները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, իշխանութիւններուն եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին՝ իրենց զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Անոնք շեշտեցին, որ Հ Հանրապետութեան զօրակցութիւնը ուժ, կորով կը ներշնչէ ու առաւել կը գօտեպնդէ սուրիահայ համայնքն ու հայկական վարժարանները։