«Ցեղասպանութեան պատմութիւնը սկսած է ժողովուրդով մը,որ դարձած է անոր առաջին զոհը…»:
Տոնալտ Պլոքսհամ կու գայ Սկովտիայէն։ Ան Եւրոպական Պատմութեան դասախօս է Էտինպրայի համալսարանին մէջ։ Առաւելաբար մասնագիտացած է Ցեղասպանութեան պատմութեամբ ու տակաւին անոր իրաւական ու ճանաչման իրողականութեամբը համաշխարհային համակարգերէ ներս։ Իր սերտողութիւններուն եւ աշխատասիրութիւններուն մէջ նաեւ ներառած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Տոնալտին հանդիպեցայ Երեւան, Հայաստան, Ապրիլ 2015ին։ Ան դասախօսներէն մէկն էր «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» համաշխարհային գիտաժողովին։ Եւ եթէ իր նիւթը «Մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացումը միջազգային իրաւունքներու մէջ» էր՝բայց եւ այնպէս նոյնքան նաեւ քննական ու պատմագրական տուեալներով վեր կ’առնէր Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կրկնուող երեւոյթները եւ անոնց կապուածութիւնը պատմութեան հոլովոյթներուն մէջէն։
Եթէ Տոնալտ կրցաւ վեր առնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը որպէս «մարդկութեան հանդէպ ոճիրի»՝բայց նաեւ աւելին…։ Ան պատմական տուեալներէ մեկնելով կամրջեց այսօրուայ տեղի ունեցած շատ մը ոճրագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնները տարածաշրջանէն ներս՝ եւ ուր հայկականը նկատեց անոնց ենթահողը…։ « Ցեղասպանութիւնները իրար հետ կապուած եւ առնչուած են» ըսաւ Տոնալտ, «եւ որ մինչեւ այսօր կրկնուող եւ շարունակուող իրականութիւններ են։ Եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որ քսաներորդ դարու առաջինն էր, եւ որ մինչեւ այսօր կը մնայ անյանցագործ եւ անյանցանք՝ տուն տուած է կրկնուող եւ շարունակուող այլ ցեղասպանութիւններու»։
Գէորգ Ճալոյանը Սուրիահայ է։ Ան քսան եւ չորս երկար տարիներ ապրած է Հասաքէ, որմէ ետք Հալէպ եւ այժմ Պէյրութ։ Եթէ Գէորգը համեստ հայն է՝բայց նաեւ ունի պարզ ու յստակ օրագրութիւններ իր ապրած պատանեկան եւ երիտասարդական օրերէն։ Եւ այդ օրագրութիւններուն մէջ կայ մէկ յատկանշական տեղեկագրութիւն մը Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի հարաւ-արեւելեան կողմը՝ Իրաքեան սահմանին մօտիկ, նաւթահորերու պեղումներու կեդրոն՝ «Խաֆսա» շրջանը (որ արաբերէնով կը նշանակէ փոս)։ Գէորգը կը գրէ։ «Երբ կը յիշուին տխրահռչակ անունները Արեւմտահայաստանէն դէպի հարաւ, Ռասիւլ Այնէն մինչեւ անիծեալ Տէր Զօրը, ուշադրութիւնս գրաւած է որ Մարքատա, Շետտատէ, Սուվարի շարքին պէտք է յիշուի նաեւ « Խաֆսա» շրջանը»։ Եւ Գէորգին համար «Խաֆսան» զբօսաշրջութեան վայր չէ՝ այլ…նահատակութեան։
«Այս վայրը, խիստ ամայի եւ մեկուսացած,ստորերկրեայ ընդարձակ քարայր-փոս մըն է։ Քարայրին բերանը պզտիկ սենեակի մը տարածութեամբ եւ իջուածքը ուղղաձիգ, բերանէն դէպի վար, երեք մեթրէն աւելի,ներքեւը՝լաբիւրինթոսի պէս բազում ճիւղաւորումներ կը տարածուին ծուռ ու մուռ ուղղութիւններով։ Միակ մուտքի մը ճամբան, գիտցողին համար նեղլիկ ձոր արահետ մըն է» կ’ըսէ Գէորգ։ «Եթէ անզգուշութեամբ, քիչ մը որ խորը ընթանաս՝մութ, խոնաւ եւ ժայռերու ճեղքուածքներուն մէջէն կրնաս կորսուիլ եւ չես կրնար դուրս ելլել…»։
Բայց Գէորգ փորձած էր իր ընկերներուն հետ մտնել այս «լաբիւրինթոսին» մէջ…։ «Երկար սանդուխ մը գործածելով,մի քանի ընկերներով իջանք այս քարայր-փոսին մէջ. ձեռքերնիս բարդ-լապտերներ եւ վառած մոմեր»։ Եւ Գէորգ կրցած էր կռահել թէ շատ շուտով պիտի կորսուէին այս քարայրին մէջ…։ « Յառաջացանք երեսուն-երեսունհինգ մեթրի չափ եւ վախցանք…։ Եւ ետ դուրս ելանք…»։
Գէորգին այս արկածախնդրութիւնը եթէ զգալ էր թէ ինչպէ՞ս հայը տարուեցաւ այս քարայրին մէջ, բայց նաեւ փորձ մըն էր գտնելու հետք…։ « Թերեւս հանդիպէինք մարդկային ոսկորիքներու եւ հետերնիս բերէինք…»։ Եւ «ոսկորիքները» ուրիշը չէր եթէ ոչ հայունը՝Գէորգին ինքնութիւնը…։
Գէորգ կը շարունակէ իր օրագրութիւնը եւ գրի առած է ականատեսներու, «օրին» ապրած անապատաբնակ վկաներուն տեղեկութիւնները…։ « Հազարաւոր հայ տարագրեալներ բռնի քշուած ու բերուած եւ հաւաքուած են այս վայրին մէջ, նետելով զիրենք եւ լեցնելով ու իրար վրայ խճողելով այս փոս-քարայրին մէջ»։
Բայց երեւի չէր բաւէր այդ բոլոր զրկանքները…։ « Չորցած մացառներ, յարդի շիւղեր, տրցակ-տրցակ այրելով, քարայրի բերանէն նետած են վար…»։ Եւ ըրած են այս՝ որպէսզի իրար վրայ ճզմուած տարագրեալները «հեռանային դէպի լաբիւրինթոսին խորերը, ստոյգ մահուան ճիրաններուն մէջ թակարդուելով…»։Եւ եթէ «բախտով» ոմանք կրցած էին դուրս գալ այդ «լաբիւրինթոսէն»՝ «վերէն փամփուշտի կապարներ արձակելով վրանին, սպաննած են բոլորը…»։
Գէորգ Ճալոյեանին համար «Խաֆսան» դարձած է իր պատանեկութեան-երիտասարդական օրերէն մնացած «իւրայատուկ» շրջան, որովհետեւ հոն, «Խաֆսայի» այդ փոսին մէջ, «հազարաւորներ տանջահար մահացան»։
Եթէ Գէորգ մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշէ «խաֆսան»՝բայց նաեւ 1983-ի Ապրիլի 24-ին, երբ Գամիշլիէն, Ռասիւլ Այնէն, Հասաքէէն մի քանի հարիւր հոգի, հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ, Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգիստի արարողութիւն տեղի ունեցաւ բոլոր հայ զոհուածներուն այդ փոս-քարայրին մէջ։ «Կեանքիս մէջ անմոռանալի եւ եզակի էր այդ օրը…», որովհետեւ հոն՝ «անյուշ» Խաֆսային մէջ՝Գէորգը եւ «մենք հայերս շատ աւելի լաւ կ’մբռնենք եւ կը զգանք ողջակիզումի զոհերուն ցաւն ու տանջանքը, քանի որ նախադէպը ապրած ենք ազգովին…»։ Իսկ «նախադէպը» պատմութիւնն է որ կը կրկնուի։
Իսկ այսօրը՞…։ Գէորգն է դարձեալ. «Այժմ, այս օրերուն, այս շրջանը ինկած է հաւատադրժողական զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ, ցնոր տնօրինութիւն…»։ Եւ այս «տիրապետութեան» տակ՝ականատես ենք թէ պատմութիւնը ինչպէ՞ս ինքզինք կը կրկնէ…։ Եւ թէ պատմութեան հոլովոյթները ինչպէ՞ս կապուած են մէկը միւսին…։ Եւ ցեղասպանութիւնը եւ ոճրագործութիւնը կը շարունակուի…։ Եւ նոյն այս «շրջան(ներուն) մէջ…։ Եւ նոյնինքն այսօրուայ Սուրիական եւ Իրաքեան թոհ ու բոհին մէջ…։
Եւ դարձեալ Տոնալտ Պլոքսհամն է…։« Ոճիրը նոյնն է, գործադրողները միայն տարբեր…»։
Եւ Տոնալտի հայեցակէտով՝ցեղասպանութիւնը՝ որ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է՝ կարելի չէ զայն սերտել առանց քննական յետադարձ ակնարկ-կապ մը ստեղծելով անցեալի պատահածին՝եւ բերել զայն ներկային ու տակաւին վաղուան օրուանը…։ Եւ այս, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է՝ ուր պատմութեան մէջ կը կրկնուի, բայց նաեւ կը կապուի ու կը կամրջուի մէկը միւսին հետ…։ Եւ որովհետեւ առկայ է նաեւ կապը եւ կապուածութիւնը…։ Թէ անցեալի «նահատակը» ապրեցաւ «վերապրողին» հետ՝ ու տակաւին ներկայ եւ գալիք օրերու «ապրողը» կը շալկէ այդ բոլորին «ցաւը»։
Եթէ պատմութիւնն է որ ինքզինք կը կրկնէ՝ եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւնը կապուած թէ անկապ իր հոլովոյթներով կը շարունակուի՝ բայց առկայ է նաեւ քաղաքակրթութիւնը եւ անոր ստեղծած մշակոյթը որ կը յիշէ եւ կը յիշեցնէ…։
Թէ մարդկային կեանքը «սրբութիւն» է՝ եւ որ պարտին յարգել զայն…։
Բայց մինչ այդ՝ կայ տակաւին «խաֆսայի» ցաւը…։ Ու շատ մը «այլ« ցաւեր՝ հոս թէ հոն, որոնք կը կրկնուին ու կը շարունակեն «ցաւցնել»…։
Բայց մինչեւ ե՞րբ է որ պատմութիւնը պիտի շարունակէ կրկնել ինքզինք…։