Էրքամ Էմրէ Էրքամ «Թուտէյզ Զաման»ի մէջ լոյս տեսած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան բանակին մէջ հայ սպայի մը օրագրութիւնը մեզի պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը կը ներկայացնէ եւ կը բացայայտէ այն արժէքները, զորս կորսնցուցած ենք, ուրիշներու նկատմամբ հանդուրժողականութեան պակասին պատճառով»:
Ան կը գրէ, որ «Չանաքալէի եւ Արեւելեան Ճակատին վրայ հայ բանակային սպայի մը օրագրութիւնը՝ «1914-1918» խորագիրով գիրքը, որ կը պարունակէ տոքթ. Աւետիս Ճեպեճեանի պատերազմեան յուշերը, թարգմանուած է թրքերէնի: Գիրքին բնագիրը գրուած է հայերէնով եւ 1986ին հրատարակուած Պէյրութի մէջ:
Գիրքը պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը եւ Ճեպեճեանի կարծիքները կը պարունակէ: Պատերազմի կարգ մը պահեր՝ Դաշնակից ուժերուն կողմէ ռմբակոծում եւ պատերազմին վիրաւորուածներուն համար հաստատուած վրանները հայ բժիշկին գիրքին մէջ ներկայացուած պահերուն շարքին են:
Ճեպեճեան գիրքին մէջ կը նշէ, որ տեղահանման օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ 27 Մայիս 1915ին, պատերազմին ընթացքին օսմանցի հայերուն ապրած մէկ այլ աղէտալի դէպքն էր: Ճեպեճեան կը նկարագրէ կացութիւնը անոնց, որոնք տեղահանման քաղաքականութեան պատճառով տառապեցան, ինչպէս իր ընտանիքի անդամները, ներառեալ իր յղի կինը: Անոնք 1915ին Սուրիա աքսորուեցան:
Ճեպեճեան իր հօր, Այնթապ նահանգի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճեպեճեանի քաջալերանքով ուսած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ վկայուած իբրեւ բժիշկ: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք, իր աշախատանքը շարունակած է Այնթապի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Ան մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար նաեւ ծառայած է Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: 20,000-30,000 հայերու եւ 1300 ասորիներու սպանութեան պատճառ դարձած 1909ի Ատանայի ջարդերը ընթացք առին, երբ իր կինը առաջին զաւակով յղի էր: Ճեպեճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիյէի ճամբուն վրայ իր աներհօր սպանութենէն ետք կացութիւնը իրեն համար սկսած էր անտանելի դառնալու:
Ճեպեճեան Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելու ընթացքին լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը՝ Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող էր վերադառնալ: Ան 30 Հոկտեմբերի 1918ին Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք կը վերադառնայ Սուրիոյ Հալէպ նահանգ: Ան իր օրապահիկը կը սկսի շահելու, երբ իր կնոջ եղբօր՝ բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ կը հաստատէ դարմանատուն մը: Ան կը դարմանէ «1915ի հայկական ջարդերուն» ընթացքին վիրաւորուածները եւ իր աշխատանքը կը շարունակէ մինչեւ 1952՝ իր մահէն 2 տարի առաջ: