Այս տարի չինական 4713րդ տարին է, որուն լուսնային օրացոյցին համաձայն՝ նոր տարին, որ կը սկսի 8 Փետրուար, 2015ին, պիտի ըլլայ Կապիկի տարի: Համաձայն չինական աւանդութեան՝ երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ իր աստուծոյ տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը, ապա անոր յաջորդած էր ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Այս ձեւով չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Ամէն 12 տարին անգամ մը կրկնուած է անասունին անունը:
Այս որդեգրումը ընդունուած էր քրիստոնէական օրացոյցի ծնունդէն շատ առաջ եւ բաժնուած էր 12ի, որովհետեւ մարդիկ նշմարած էին, թէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին լուսինը 12 անգամ լիալուսին կը տեսնուէր:
Կապիկը կը գրաւէ այս շարքին 9րդ տեղը:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները՝ իրենց տարիներու դասաւորումով.
1. Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020
2. Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021
3. Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022
4. Նապաստակ.- 1903-1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023
5. Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024
6. Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025
7. Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026
8. Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1991-2003-2015-2027
9. Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028
10. Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029
11. Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030
12. Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031
Դրական կէտեր.-
Կապիկի տարին ծնածները ընդհանրապէս կ’ըլլան խելացի, հաշտարար, ներկայանալի, խաղաղասէր, շինարար, հարցեր լուծող եւ ստեղծող: Անոնք նաեւ կ’ունենան լաւ յիշողութիւն: Միշտ իրենք զիրենք հեռու կը պահեն ամէն տեսակի հարցերէ: Ինքնավստահ են եւ միաժամանակ կ’արտայայտուին առանց վարանելու: Իրենց սխալներէն կ’օգտուին եւ կը փորձեն ինքնավստահօրէն դէպի յաջողութիւն ձգտիլ: Նոյնպէս անոնք ամէն բանի մասին կարծիք կրնան արտայայտել շատ համարձակ: Ուժի գործածութեան դէմ են: Յաճախ բացառիկ գաղափարներ կ’արտայայտեն: Ստեղծագործ եւ հնարամիտ ալ կ’ըլլան: Իրենց սկսած գործը կամ ծրագիրը անպայմանօրէն իր աւարտին կը հասցնեն եւ կ’իրականացնեն:
Ժխտական կէտեր.-
Ամէն կենդանի իր ժխտական կողմերը կրնայ ունենալ: Ուստի, կապիկը բացառութիւն չի նկատուի: Այսպէս Կապիկի տարին ծնածներուն ժխտական կողմերէն կամ գլխաւոր թերութիւններէն մէկը իրենց պատեհապաշտ ըլլալն է: Միշտ կ’ուզեն յաղթանակել: Ամէն բան կը զոհեն եւ ամէն բանի կը դիմեն տեղ մը հասնելու համար: Շարունակ անհամբեր իրավիճակ մը կ’ապրին: Թէեւ ընկերային եւ կատակասէր ալ են, սակայն շատ կը նեղուին, եթէ պարտուին: Նախանձոտ նկարագիրի տէր ալ են: Գաղտնապահ են: Հպարտ են իրենց անձով:
Կապիկի տարուան մէջ յատկանշական են հետեւեալ չորս ամիսները՝ Մարտ, Ապրիլ, Յուլիս եւ Օգոստոս:
Մարտ ամսուան մէջ ծնածները կ’ըլլան շատ խելացի, իմաստուն եւ բացառիկ անձնաւորութիւն՝ իրենց շրջանակէն ներս:
Ապրիլ ամսուան մէջ ծնածները կ’ըլլան միշտ յաղթանակողներ: Կը սիրեն կեանքը ապրիլ: Հաճոյքն ու ժամանցը միշտ իրենց ընկերակից կը դարձնեն:
Յուլիս ամսուան մէջ ծնածները կը սիրեն սովորական կեանքը, առանց զայն բարելաւելու յաւելեալ ճիգի: Կը սիրեն խաղաղ կեանքն ու հանգիստը:
Օգոստոս ամսուան մէջ ծնածները շատ յաջող կ’ըլլան իրենց կեանքին մէջ: Բարձր նկարագիրի տէր են: Իրենց համար ընտանիքը միշտ առաջին կարգի կու գայ:
Կապիկի տարուան նշանաւոր ծնունդներ.- Չարլզ Տիքընզ, Սելին Տիոն, Թամ Հենքս, Էլիզապէթ Թէյլըր, Մայքըլ Տակլըս, Յուլիոս կայսր, Տայանա Ռաս, Քրիստինա Ակիլերա, Լիոնարտօ Տավինչի, Էլէոնոր Ռուզվելթ, Էօ Մինկ եւ Ճորճ Պայրըն:
Կապիկի տարին ծնածները ընդհանրապէս կ’ըլլան դերասան, քաղաքագէտ, խելացի եւ իմաստուն արուեստագէտներ, լաւ ընթերցող, ֆիլմարուեստի մէջ նշանաւոր եւ հանրայայտ: Կապիկը յայտնի է իր՝ մարդուն շատ մօտիկութեամբ: Մէկ խօսքով, յատկանշական են կապիկին «կապկութիւնները»: Անոնք ֆիզիքապէս առողջ կ’ըլլան: Կ’ըլլան նաեւ հնարամիտ, արագաշարժ եւ շատ լաւ առաջնորդ ու քաղաքագէտ: Անկախ ըլլալով հանդերձ, հաւատարմութիւնը մեծ յատկանիշ մըն է իրենց մօտ:
Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է, անոր համար մարդկային-ընկերային յարաբերութեան մէջ օրինակելի են: Նախանձոտ ըլլալով հանդերձ, նախաձեռնող են եւ վստահելի: Նիւթապէս ապահով կեանք մը կ’ունենան, որովհետեւ հաստատապէս իրենք զիրենք կը դասեն շատ բախտաւոր աստղի տակ ծնածներու շարքին:
Կապիկին լաւ ամիսներն են Մարտը եւ Յուլիսը.
Բախտաւոր թիւերն են՝ 1-7-8.
Նախասիրած գոյները՝ ճերմակ, ոսկեգոյն եւ կապոյտ: Հետեւեալ տարիները Կապիկի տարի կը կոչուին՝ 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040: