Տինքի սպանութեան գործով վճռաբեկ դատարանը նոր որոշում կայացուցած է

Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը որոշում կայացուցած միաւորել Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հիմնական դատավարութիւնն ու Տինքի սպանութեան մէջ մեղադրուող պետական ծառայողներու դէմ դատական գործերը:

Ըստ News.am-ի՝ Իսթանպուլի «Ակօս» պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ Վճռաբեկ 5-րդ դատարանը որոշած է, որ Տինքի գործով ընթացող երկու դատավարութիւնները պէտք է միաւորուին, ու անոնց դատաքննութիւնը տեղի պէտք ունենայ Իսթանպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 14-րդ դատարանին մէջ:
Նշենք, որ բացի Տինքի գործով գլխաւոր դատավարութեան, դատախազ Կէոքալփ Քիւրքչուի կողմէ կազմուած է մեղադրական զեկոյց 26 պետական բարձրաստիճան ծառայողներու նկատմամբ: