Հայ կայքանէնները ատրպէյճանական գաղտնի փաստաթուղթեր հրապարակած են

Մոնթէ Մելքոնեանի սայպըր (cyber) բանակի կայքանէնները Հայոց բանակի օրուան առիթով յարձակած են Ատրպէյճանի պետական կայքերու վրայ:

Այս մասին գրուած է սայպըր բանակի ֆէյսպուքի էջին մէջ, ըստ որուն` յարձակման պատճառով անհասանելի դարձած են Ատրպէյճանի պետական մարմիններու համացանցային աղբիւրներու կայքը (gov.az), Ատրէպճանի պետական կառոյցը (e-gov.az) եւ հարկեր վճարելու կայքը (taxes.gov.az):

Հրապարակուած են գաղտնի փաստաթուղթեր քաղաքացիական ծառայութեան յանձնաժողովի կայքէն (csc.gov.az), 81 հազար ատրպէյճանցիներու ելեկտրոնային հասցէներ, գաղտնաբառեր, անուն-ազգանուններ եւ IP հասցէներ:

Բոլոր տուեալները տեղադրուած են բաց ցանցի մէջ, որ կարելի է ներբեռնել: Գաղտնի փաստաթուղթեր քաղաքացիական ծառայութեան յանձնաժողովի կայքէն, 81 հազար ատրպէյճանցիներու ելեկտրոնային նամակներ, գաղտնաբառեր` մաս 1 եւ մաս 2: