Թուրքիա Սուրիոյ տարածք մտցուցած է բանակի մեքենազէն որոշ ստորաբաժանումներ, որոնք կրաձոյլէ պատեր կը կառուցեն եւ խրամատներ կը փորեն, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն աջակցիլ ահաբեկիչներուն: Այդ մասին տեղեկացուցած է ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մունզեր Մունզերը` Անվտանգութեան խորհուրդին եւ գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին ուղղուած նամակին մէջ:
Դիւանագէտին խօսքով, 2015-ի Դեկտեմբերին թրքական բանակի մեքենազէն ստորաբաժանումները ներթափանցած են Սուրիոյ տարածք` «յառաջանալով Տէր-Հուսն գիւղի (Ճաւատիայի շրջան), Պուսթան գիւղի (Մալիքիայի մարզ), Ապու Ռասին շրջանի (Ռաս ուլ Այնի մարզ), ինչպէս նաեւ Ամանա եւ Շէյխ Մանսուր գիւղերու (Տիրպասիէյի շրջան) տարածքէն դէպի հիւսիս ինկած ուղղութեամբ»:
«Այնտեղ անոնք տարբեր շինարարական աշխատանքներ իրականացուցած են», – գրած է Մունզեր:
Ան, մասնաւորապէս, տեղեկացուցած է, որ Հարիմ քաղաքի տարածքին` Իտլէպի նահանգի հիւսիսը, թուրք զինուորականները «4 մեթր լայնութեամբ եւ 8 մեթր խորութեամբ խրամատներ փորած են», իսկ Ռաս ուլ Այն քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայքը մինչեւ 6 մեթր բարձրութեամբ պատեր կառուցած են:
Ինչպէս կը պնդէ դիւանագէտը, թրքական կառավարութիւնը «կը շարունակէ տարբեր տեսակի ռազմական, նիւթատեխնիկական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրել սուրիացի թուրքմէն ահաբեկչական խմբաւորումներուն»:
Անոր խօսքով, թրքական բանակի եւ հետախուզութեան սպաները «կանոնաւոր կերպով կ’այցելեն» թուրքմէն գրոհայիններու ռազմական ճամբարներ: Բացի այդ, Անգարան օտարերկրացի ահաբեկիչներուն կ՛օգնէ ներթափանցելու Սուրիոյ տարածք, ինչպէս նաեւ «անոնց ապաստան եւ բուժական օգնութիւն կը տրամադրէ Թուրքիոյ տարածքին, ուր ահաբեկիչներու նախապատրաստութեան ճամբարներ ստեղծուած են»,- աւելցուցած է Մունզեր Մունզերը: