ՀՀ նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ստանձնած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) նախագահի պարտականութիւնները: ԵՏՅ-ն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմինն է: Այս մասին կը տեղեկացնէ կազմակերպութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Սարգսեան հաստատուած է ԵՏՅ նախագահի պաշտօնին 2015-ի Դեկտեմբերին` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, ԵՏՄ նախագահներու կողմէն: Սարգսեանը այդ պաշտօնով կը փոխարինէ ՌԴ ներկայացուցիչ Վիքթոր Խրիսդենգոն:
Փոխուած է նաեւ յանձնաժողովի կազմը: Եթէ նախապէս իւրաքանչիւր անդամ պետութիւն 3-ական նախարար ունէր յանձնաժողովի կազմին մէջ, այժմ, սակայն, 2-ական: Այսպիսով, ԵՏՅ-ն Փետրուար 1-էն ունի 10 անդամ:
Յանձնաժողովին մէջ հաստատուած է նոր նախարարի պաշտօն` ներքին շուկաներու, տեղեկայնացման, տեղեկատուական հաղորդակցային ճարտարագիտութիւններու գծով նախարար: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է Կարինէ Մինասեանը, որ նախապէս կը զբաղեցնէր Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարարի պաշտօնը: