Անցեալ տարին երկու կարեւոր թեմաներով ընդգծուած է մտքիս մէջ.
-Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը
-Սուրիահայութեան վիճակը
Կասկած չկայ, որ 100-րդ տարելիցը արժանաւոր կերպով նշուեցաւ:
Արտաքին ճակատի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները անուրանալի են: Ապրիլ 24-ին Երեւան այցելող նախագահներու ու օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներու անունները, անշուշտ, այդ մասին դրական վկայութիւն են: Ամէնէն արդիւնաւէտն ու մնայուն օրինակները, թերեւս, ցեղասպանութեան ճանաչման իրերայաջորդ բանաձեւերն են: Ոչ ոք կրնայ վիճարկել Հռոմի Պապի յայտարարութիւնը: Նաեւ` դժուար պիտի ըլլայ շղթայական ճանաչումներու արժէքը թերագնահատել: Ինչո՞ւ չէ. բանաձեւի չյանգած խորհրդարանական քննարկումները եւս կարելի է յաջողութիւն համարել: Չէ՞ որ այնտեղ ցեղասպանութեան թեման կ՛արծարծուէր: Գաղափար մը կազմելու համար կը բաւէր Թուրքիոյ ջղագար քայլերուն ու արձագանգներուն հետեւիլ:
Ներազգային ճակատի մասին նոյնքան դրական կարելի չէ գրել:
24 տարի (չըսելու համար` 100 տարի) սպասեցինք, որպէսզի մեր նահատակները սրբադասենք եւ «համազգային հռչակագիր» մը որդեգրենք:
Ամէն գաղութ նշեց եւ յարգանքի տուրք մատուցանեց մեր նահատակներու յիշատակին: Հաւանաբար տեղ մը կազմուեցաւ ցանկը այս առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, պատրաստուած ժապաւէններուն ու թատրոններուն, զետեղուած յուշարձաններուն, հրատարակուած գիրքերուն եւ այլն:
Հիմա, երբ «բան մը ընել»ու տենդը անցած է, չ՛ա՞րժեր այդ ցանկը աչքէ անցընել եւ տեսնել, թէ ո՛ր ձեռնարկները իրապէս նպատակային էին, որոնք` ոչ: Քանի՞ ձեռնարկ նպատակը արդարացուց: Եւ.. ի՞նչ էր նպատակը:
Հաւանաբար այդ հաշուեյարդարը կրնայ օգնել վերջապէս անդրադառնալու, որ յուշաքարի մը գումարով կրնայինք Հայաստանի սահմանային շրջանի մը դպրոցը նորոգել: Կամ, հաւանաբար, ելոյթի մը ծախսերով կրնայինք ուրիշ գիւղի մը մէջ աշխատավայրեր ստեղծել… Շարքը երկար է: Հիմա փորձեցէք բաղդատել եւ դուք պատասխանը գտէք, թէ ո՛ր քայլը աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար: Կը կարծեմ, որ մենք բազմաթիւ շռայլութիւններ կրնայինք խնայել…
Մենք դատ հետապնդող փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք: Մեր երկիրի սահմանին դրացիները «բարի» ըլլալէ հեռու են: Երկուքը նոյնիսկ թշնամի են: Մեր երկիրը բնական պաշարներ չունի եւ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Մեծաթիւ Սփիւռք ունինք, որուն կարողութիւնները հազուադէպօրէն կըրնանք ճիշդ «օգտագործել»: Ինչո՞ւ այս արագ մատնանշումները կ՛ընեմ: Պարզապէս յիշեցնելու համար, որ մենք պէտք չէ միշտ Արեւմուտքի մէջ կատարուող «ուշագրաւ» ձեռնարկները ընդօրինակենք: Մենք, դժբախտաբար, չունինք այդ պերճանքը: Մենք պէ՛տք է մեր առաջնահերթութիւնները ճշդենք եւ ըստ այդ շարժինք. եւ շարժինք` ազգովին: Եւ այս կարեւոր սրբագրութիւնը բոլոր մակարդակներով կրնանք ընել` ամէնէն փոքր գաղութէն մինչեւ հայկական պետական բարձրագոյն օղակը:
Մեր սրբացած նահատակները ի՞նչ պիտի ուզէին տեսնել. իրենց յիշատակին նուիրուած յուշաքա՞ր, թէ զարգացող եւ ամրացող ազատ Հայրենիք:
«Աւանդական» եւ դիւրին լուծումներէն ձերբազատելու ժամանակը չէ՞…