Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթէն կը տեղեկանանք թէ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին ստեղծուած անապահով վիճակին պատճառաւ զբօսաշրջիկներու խոշոր զանգուած մը հրաժարած է Թուրքիա այցելելէ : Յատկապէս Եգէեականի եւ Միջերկրականի ափերուն գտնուող պանդոկներէն 1300 հատ աճուրով ծախուելու ընթացքին մէջ են, որովհետեւ պանդոկներու տէրերը կարող չեն իրենց պարտքերը վճարելու: Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութեան ծիրէն ներս մօտ տասը միլիառ տոլար վնաս յառաջացած է:
Տարեկան աւելի քան երեք միլիոն ռուս զբօսաշրջիկներ կ’այցելէին Թուրքիա: Նոյնպէս, գերմանիայի, անգլիոյ եւ Եւրոպական այլ երկիրներու ճամբորդական ընկերութիւններ դադրած են Թուրքիա ճամբորդութիւններ կազմակերպելու: