Թասս լրատու գործակալութինը կը հաղորդէ, թէ՝ Ռուսաստան անհերքելի ապացոյցներ ունի Սուրիոյ հողերուն Թուրքիոյ կողմէ ռմբակոծութեան վերաբերեալ:
Ըստ հաղորդդագրութեան` ռուս զինուորականները ունին նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ նկարահանուած տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը տեսնուի, թէ ինչպէ՛ս թրքական ուժերը կը գնդակոծեն Սուրիոյ հողերը: Ռուս հրամանատարը պնդած է, թէ թրքական բանակը մեծ հրետանային
սարքերով կը գնդակոծէ սուրիական սահմանամերձ բնակելի շրջանները:
Ռուսաստանի զինուած ուժերը յայտնած են նաեւ, որ ռուսական օդանաւեր Սուրիոյ մէջ միայն մէկ շաբաթուան մէջ 468 ռազմական թռիչներու ընթացքին ոչնչացուցած են ահաբեկիչներու 1300 կեդրոններ: