Ա. Երիցեան.«Քննարկման փուլի մէջ է Իրաք-Իրան-Հայաստան ճանապարհի հարցը»

Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներու մէջ խորացնելու նպատակ կայ: Այս մասին նշած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան  Քազեմ Սաճատին` վերջերս ՏԿԱԻ նախարար Արմէն Երիցեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

ՏԿԱԻՆ լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ տարածքային կառավարման ոլորտին մէջ առանձին մարզերու եւ քաղաքներու միջեւ համագործակցութիւնը խորացնելու նպատակով դեսպանը նախարար Երիցեանին խնդրած է ՏԿԱԻ նախարարութեան անունէն հրաւէր ուղարկել Իրանի Հանրապետութեան Սպահանի, Հորմոզգանի, Կիլանի նահանգապետերուն եւ Թեհրանի մարզպետին: Այցի նպատակը խորացնել Իրանի եւ Հայաստանի մարզերու համագործակցութիւնը գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս ձկնաբուծութեան ոլորտին մէջ:

Կարեւորելով երկու երկիրներու միջեւ մերձեցումը նաեւ մարզային մակարդակով` նախարար Երիցեան յանձնարարած է պատրաստել համապատասխան հրաւէրները` հաւաստիացնելով դեսպանին, որ ՏԿԱԻ նախարարութիւնը իր գործառոյթներու ոլորտին մէջ ամէն ինչ պիտի ընէ հայ-իրանական համագործակցութիւնը խորացնելու եւ որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու համար:

Նախարար Երիցեան ներկայացուցած է նաեւ ՏԿԱԻՆ-ի ծառայութիւններն ու գործառոյթները` նախանշելով այն բնագաւառները, որոնցմով նախարարութիւնը կրնայ նպաստել հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման: Նախարարը ներկայացուցած է նաեւ իր այցը Իրաքի Հանրապետութիւն` նշելով, որ քննարկման փուլի մէջ է Իրաք-Իրան-Հայաստան ճանապարհի հարցը: