Չորեքշաբթի՝ 3 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 2 կազի տակառներ արձակեցին Նոր Գիւղի շրջանի` Ճեմարանի պողոտային վրայ: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, շրջանի ելեկտրամատակարարման գործիքներէն մէկը բռնկեցաւ ու այրիլ սկսաւ: Վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան: Այս մասին կը հաղորդէ«Գանձասար»-ը: