Ատրպէյճանն ու Հունգարիան ոճրագործ Սաֆարովի գործով ՄԻԵԴ-ի հարցերուն պէտք է պատասխանեն մինչեւ Մայիս 12

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանին եւ Հունգարիոյ մինչեւ Մայիս 12 ժամանակ տուած է պատասխանելու ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին արտայանձնելու եւ վաղաժամ ազատ արձակելու գործով դատարանի կողմէ այդ պետութիւններուն ուղղուած հարցերուն:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՄԻԵԴ-ի մէջ դիմումատու` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներու շահերուն պաշտպան Նազելի Վարդանեան, դիմող կողմը կը ձգտի ամէն ինչ ընել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցուի կողմ, քանի որ Գուրգէն Մարգարեանը Հայաստան պետութիւնը ներկայացնող զինծառայող էր, երբ դաժանաբար սպաննուեցաւ ատրպէյճանցի ոճրագործ Սաֆարովի կողմէ: «Այն, որ դատարանը գործն ընդունել է վարոյթ եւ արդէն մեկնարկել է հաղորդակցութեան փուլը, մեծ առաջընթաց է: Մենք դրան երեք տարի սպասել ենք, քանի որ հայցը ներկայացրել էինք 2013թ. Փետրուարի 28-ին»,- ըսած է Վարդանեան:

ՄԻԵԴ-ի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներուն շահերը կը ներկայացնեն նաեւ ՄԻ եւրոպական փաստաբանական կեդրոնը, հայկական հասարակական Legal Guide կազմակերպութիւնը: Գանգատին մէջ կը պահանջուի ճանչնալ, որ Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանին մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի փոխանցումը եւ Ատրպէյճանի կողմէ անոր նրումը, ըստ էութեան` արդարացումը եւ հերոսացումը կը խախտէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտագիրի 2-րդ յօդուածով (այն է` կեանքի իրաւունք), 14-րդ յօդուածով (խտրականութեան արգելք) ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կրնայ պարտաւորեցնել ոճրագործին ետ յանձնել Հունգարիոյ կամ կրել պատիժի մնացած մասը նոյն Ատրպէյճանի մէջ: Վճիռը կրնայ ենթադրել նաեւ դրամական պատասխանատուութիւն:

Մարգարեանի հարազատները նաեւ կը շեշտեն, որ հայ սպան զոհ դարձած է ազգային ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան, որ աւելի ուշ արդարացուցած է մարդասպանին ներում շնորհելու եւ ազատ արձակելու միջոցով: Հունգարիան իր հերթին ինչպէս ընդգծած են գանգատ ներկայացնողները, արտայանձնած է Սաֆարովը Ատրպէյճանին առանց երաշխիքներ ստանալու, որ յանցագործը այդ երկրին մէջ պիտի կրէ իր դատավճռով սահմանուած պատիժը ամբողջութեամբ: Գանգատ ներկայացուցած է նաեւ Հայկ Մակուչեանը, որուն, ինչպէս պարզած է դատարանը, ցանկացած է սպաննել Սաֆարովը Պուտափեշտի մէջ նոյն միջադէպի ժամանակ:

Թուրքիոյ մէջ յատուկ պատրաստութիւն անցած Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպայ Ռամիլ Սաֆարովը 2004-ի Փետրուարին կը մասնակցէր ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութիւն»  ծրագրի ծիրէն ներս անգլերէնի դասընթացքներուն, որուն կը մասնակցէին նաեւ հայ սպաներ Գուրգէն Մարգարեանն ու Հայկ Մակուչեանը:

2004-ի Փետրուար 19-ի գիշերը Ռամիլ Սաֆարովը թաքուն մտած էր Գուրգէն Մարգարեանի սենեակը եւ կացինահարած քնացած հայ սպան: Երկարատեւ դատական գործընթացէ ետք 2006-ի Ապրիլին Սաֆարովը Պուտափեշտի դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման  դատապարտուած էր` 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Հունգարական դատարանը բազմիցս յայտարարած էր Սաֆարովի` հայրենիքին արտայանձնելու անհնարինութեան մասին, սակայն 2012-ի Օգոստոս 31-ին Սաֆարովը արտայանձնեցին Ատրպէյճանին, ուր մարդասպանին Նախագահ Ալիեւը անմիջապէս ներում շնորհեց, զինուորական բարձր կոչում տուաւ եւ միանուագ վճարեց 8 տարուան աշխատավարձը: Նոյն օրը պաշտօնական Երեւանը խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Պուտափեշտի հետ: