Հայաստանի մէջ մշակուած վարդերը պիտի արտահանուին ԵԱՏՄ եւ այլ երկիրներ

ՀՀ կառավարութիւնը «Արմեանսկիյ ուրաժայ« ՍՊ ընկերութեան կողմէ ապրանքներու ներմուծման պարագային մաքսային մարմիններուն կողմէ հաշուած աւելցուած արժէքի հարկի գումարներուն վճարման ժամկէտը 2016 թուականի Յունուար 31-­ի փոխարէն կ’երկարաձգէ մինչեւ 2016-­ի Յուլիս 31:

«Արմենփրես»-­ի փոխանցմամբ` համապատասխան հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան Փետրուար 4-­ի նիստի օրակարգին վրայ: Ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս` ՀՀ Կոտայքի մարզին մէջ կառուցուած 11 հա ջերմոցներուն մէջ ընկերութիւնը կը ծրագրէ բարձր որակի հոլանտական վարդերու աճեցնել: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել շուրջ 1.637 միլիառ դրամի ներդրում, որմէ մօտ 1.337 միլառ դրամը պիտի ուղղուի սարք ձեռք բերելու համար: Ներդրումներուն շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ աճեցնել տարեկան շուրջ 2.5 միլիառ դրամի արտադրանք (2016-ին), որուն մեծ մասը պիտի արտահանուի Ռուսիա, Վրաստան, Պելառուսիա, Ղազախստան եւ այլ:

Հաշուի առնելով վերոգրեալը, ինչպէս նաեւ այն, որ ընկերութեան կողմէ արդէն իսկ ներմուծուած է որոշ խմբաքանակի սարքաւորումներ` անհրաժեշտութիւն յառաջացած է համապատասխան փոփոխութիւնը իրականացնել` երկարացնելով ներմուծուող սարքաւորումներուն ժամկէտը:

Ներդրումային ծրագրի իրագործման արդիւնքով պիտի ստեղծուի մօտ 90 աշխատատեղ (ջերմոցային տնտեսութեան ամբողջական հզօրութեամբ աշխատելու պարագային)` միջին աշխատավարձը կազմելով 2016-ին.` 125, 2017-ին` 130 եւ 2018-ին` 140 հազար դրամ: