Առաջինը, որ Չաթալպաշեաններու ընտանիքը յայտնաբերեց Երեւանի մէջ այն էր, որ այստեղ չեն քնանար արկերու դղրդիւնին տակ եւ երեկոյեան չեն սարսափիր այն մտքէն, որ առաւօտեան թերեւս չարթննան: «Արմենփրես»-ին հետ զրոյցի ընթացքին Գրիգորը պատմած է, որ սկիզբը տան լռութիւնը անսովոր էր. վերջին երեք տարիներուն արկերու պայթիւններն ու մարդոց աղաղակները, ընդհանուր լարուածութիւնը այնքան սովորական դարձած էին, որ երեւանեան հանգստութիւնը տարօրինակ կը թուէր:
Այս ընթացքին արդէն վարժուած են երեւանեան հանգստութեան. տան ամենամեծ աղմուկը կը բարձրացնէ ընտանիքին գլխաւորը` Սելան, որ ծնած է Երեւան եւ այդ կերպով երկրորդ կեանք ու ապրելու իմաստ տուած է ծնողներուն ու երկու պապիկներուն: «Երեւանի մէջ իմացանք, որ կինս յղի է: Ատիկա այսքան դժբախտութիւններէ ու կորուստներէ յետոյ մեզի ապրելու իմաստ տուաւ: Աստուծոյ կարգադրութիւնն էր»,- կ՛ըսէ Գրիգորը ու կ՛աւելցնէ, որ դստեր անունը ընտրելու համար երկար չեն մտածած ու ընտրած են աստուածաշնչեան անուանում: «Սուրբ գիրքին մէջ այս անունը շատ յաճախ կը յիշատակուի` կը նշանակէ «Աստուծոյ ներկայացուցիչ»: Եւ մենք որոշեցինք, որ մեր դուստրը Աստուծոյ ներկայացուցիչն է մեր տան մէջ», -կ՛ըսէ Գրիգորը:
Արդէն քսան տարի վարսավիրութեամբ զբաղող Գրիգորը Երեւանի մէջ ալ գումար կը վաստակի մկրատի ու սանտրի օգնութեամբ: Շաբաթական 10-12 պատուէր կը ստանայ. յաճախորդներուն տանն ալ կ՛աշխատի. Կ՛ըսէ պայմանները այդքան ալ էական չեն, իսկական արհեստավարժի համար ամենակարեւորը վարժ ձեռքը, աչքն ու ճաշակն է: Զինք իր յաճախորդները կը սիրեն ոչ միայն թուարկած երեք յատկանիշները ունենալու համար, այլ որովհետեւ միշտ կրնայ յաճախորդին հետ համաձայնութեան գալ:
Գրիգորին խօսքերով` Երեւանի մէջ հաճոյքով կ՛աշխատի: Ի հարկէ, ի տարբերութիւն Հալէպի, հոս պատուէրները էականօրէն քիչ են, վարձատրութիւնն ալ նոյնը չէ, բայց հոս կանայք աւելի ճաշակով եւ նորաձեւ են: «Արաբ կանայք այլ ճաշակ ունին: Անոնց մօտ կը գերիշխէ արեւելեան ոճը: Բոլորը նոյն սանտրուածքը կ՛ընտրեն: Հայ կանայք ուրիշ են: Անոնք աւելի եւրոպական պահանջներ ունին, եւրոպական ճաշակ, սանտրուածքներու ընտրութեան մէջ ալ տարբեր են, նոյնատիպ կտրուածքներ չեն ընտրեր եւ միշտ կը ցանկան ըլլալ իւրայատուկ»,- կ՛ըսէ Գրիգորը ու կ՛աւելցնէ իրեն միշտ հաճելի է կանանց գեղեցկութիւն եւ ժպիտ պարգեւելը:
«Ամէն անգամ, երբ աշխատանքս կ՛աւարտեմ, կը նայիմ պատուիրատուի դէմքին: Եթէ ան կը ժպտի` կը նշանակէ գործս անթերի կատարած եմ: Կը նեղուիմ, երբ յաճախորդը դժգոհ կ’ըլլայ»,- կ՛ըսէ ան:
Արհեստավարժ վարսավիրներու հարցով Գրիգորը սեռական խտրականութիւն կը դնէ: Ան կը հաւաստիացնէ, որ աշխարհի լաւագոյն վարսավիրները տղամարդիկ են. պատճառը, ոչ աւելի, ոչ պակաս, կանացի խանդի եւ նախանձն է: Գրիգորը կը հաւաստիացնէ, որ այս «ճշմարտութեան» ինք ականատես եղած է աշխատանքի քսանամեայ գործունէութեան ընթացքին: «Տղամարդ վարսավիրները կը ցանկան, որ կանայք աւելի գեղեցիկ, աւելի խնամուած ըլլան: Տղամարդ վարսավիրը ամէն ջանք կը գործադրէ, որ կնոջ սանտրուածքը գեղեցիկ ըլլայ, կտրուածքը` իւրայատուկ: Կանանց մօտ միշտ ալ այդ նախանձը կայ. յաճախ մասնագիտականը կը խառնուի կանացի զգացումներուն հետ եւ չեն ցանկար, որ յաճախորդ կինը իրենցմէ գեղեցիկ ըլլայ»,- կ՛ըսէ ան:
Գրիգորն ու Դալարը կը խոստովանին, որ այժմ իրենց կեանքի գլխաւոր նպատակը փոքրիկ Սելային գեղեցիկ եւ ապահով մանկութիւն ապահովելն է: Անոնց գնահատմամբ, հոս երեխայի խնամքի առումով արտօնութիւնները աւելի շատ են, բուժ օգնութեան մակարդակն ալ բարձր է: Հիմա գլխաւոր խնդիրը շատ գումար վաստակիլն է, որ փոքրիկը որեւէ բանի կարիք չունենայ:
Թէեւ Հալէպը կը կարօտնան, բայց վերադարձի մասին չեն մտածեր: Գրիգորը կ՛ըսէ, որ Հալէպ կը վերադառնայ պատերազմի աւարտէն ետք, որպէսզի տուն այցելէ, վաճառէ եւ վերադառնայ Երեւան: Ըստ անոր, վերադարձի պատճառները երկուքն են. Երեւանի մէջ անվտանգ է եւ ապահով, բացի այդ դստեր ծննդականին մէջ նշուած է` ՀՀ քաղաքացի:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ