Հայկական ծագումով ռուս գեղասահորդուհին՝ Եւրոպայի ախոյեան է

Սլովաքիոյ մէջ աւարտին հասաւ գեղասահքի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Կիներու դասաւորման մէջ ախոյեանութեան տիտղոսը նուաճեց Ռուսաստանի ներկայացուցիչ, 16ամեայ Եւկէնիա Մէտվէտեւա: Հայաստանեան լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն որ 16ամեայ հրաշք այս պարմանուհին հայկական ծագում ունի, իր հայրն է՝ Արման Պապասեան, իսկ մայրը ռուս է: Եւկէնիա Մէտվէտեւա Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքի ընթացքին համաշխարհային մրցանիշ սահմանեց, հինգ պտոյտ կատարելով սառոյցի վրայ: Իրմէ զատ աշխարհի վրայ ո’չ մէկ գեղասարդուհի կրնայ ընել ատիկա:

Միւս կողմէ, Հայաստան երեք դասաւորումներու մէջ ներկայացուցիչներ ունէր. պարային զոյգերու դասաւորման մէջ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սէնէկալ զոյգը 18րդ տեղը գրաւեց: Կիներու դասաւորման մէջ Անասթասիա Գալուստեան 15րդ հանդիսացաւ, իսկ Սլավիկ Հայրապետեան 30րդ: