Փետրուար 4-ին Անքարա իր պաշտօնին վրայ վերահաստատեց Վատիկանի իր դեսպանը, Մէհմետ Փաջաճի, որ տաս ամիս առաջ ետ Անքարա կանչուած էր «խորհրդակցութեան» համար, որպէս բողոք Ապրիլ 12, 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած Սրբազան Պապին պատմական Պատարագին, որ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ կոչ կատարեց որ Թուրք կառավարութիւնը ընդունի 1915-ին մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրը ու մտածէ պատշաճ յատուցում կատարել:
Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ այս որոշումը կը հետեւէր Վատիկանի կողմէ յայտնուած գոհունակութեան՝ թէ Թուրքիա որոշած է բանալ իր արխիւները, «որպէսզի պատմաբաններ եւ ուսումնասիրողներ աւելի լաւ հասկնան պատմական իրականութիւնները»: Յայտարարութիւնը կ’աւելցնէ թէ այս «դրական զարգացումը կը գնահատէ կարեւորութիւնը մեր կողմէ առաջարկուած պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութիւնը:»
Յիշեցնենք թէ Սրբազան Պապը իր 12 Ապրիլ 2015-ի պատգամին մէջ ոչ միայն յստակ կերպով դատապարտած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ անոր ուրացումը, որ արգելք մըն է վէրքին բուժումին: