Իգտիրի մէջ պոկած ու ճզմած են Կողբ քաղաքի մուտքին ու ելքին փակցուած հայերէն տառերը։
Թուրքիոյ մէջ անյայտ անձեր յարձակած ու վնասած են Իգտիրի Թուզլուջա (պատմ. Կողբ) քաղաքի մուտքի կամարին տեղադրուած հայերէն «Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն» գրութեամբ տառերը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ermenihaber.am կայքը՝ յղում կատարելով «İhlas» լրատուական գործակալութենէն: Գործակալութիւնը ընթերցողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ յարձակողները քաղաքապետարանի նախաձեռնած քառալեզու (թրքերէն, քրտերէն, անգլերէն, հայերէն) գրութեան վրայէն պոկած են միայն հայերէն տառերը:
Գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ոստիկանութիւնը վնասուած տառերէն մատնահետքեր առած ու հետաքննութիւն սկսած է:
Լրատուութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ գործող «Իգտիրը Ատրպէյճանի տուն» անուամբ միութիւնը նախաձեռնած էր ստորագրահաւաքի մը՝ ընդդէմ վերոնշեալ հայերէն գրութեան:
Յիշեցնենք, որ մէկ ամիս առաջ տեղադրուած քառալեզու գրութիւնը մեկնաբանած պահուն համաքաղաքապետ Մեհմետ Գիւլթեքին յատկապէս անդրադարձած էր հայերէն գրութեան՝ ըսելով. «Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն առաջ Թուզլուջան հայկական բնակավայր եղած է: Հայաստանի հետ հարևան գաւառ է: Կեանքը միշտ չէ, որ այսպէս պիտի շարունակուի: Մենք այստեղ հայկական գերեզմանոց ունինք: Այստեղի շարք մը վայրերուն անունները հայերէն են: Այստեղ ապրած հայ բնակչութիւնը շրջանի կառուցման մէջ մեծ աւանդ ունեցած է: Հայերէն գրութիւնն աւելացուցած ենք որպէս յարգանքի տուրք այդ ամէնուն»: