Ո՞ՒՐ Կ՛ՈՒԶԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ (Բ.)

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան2015-ին, Սուր­իոյ տագ­նա­պին հետ շա­րու­նակ­ուե­ցաւ նա­եւ սուր­իա­հա­յու­թեան տագ­նա­պը: Եւ սա անբ­նա­կան չէ, քա­նի որ սուր­ի­ա­հա­յը այդ եր­կի­րի հիւս­ուած­քի մէկ մաս­նիկն է:

Հա­լէ­պի ռմ­բա­կո­ծում­նե­րու հե­տե­ւան­քով հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնն ալ հար­ուած­ներ ստա­ցաւ:

Հա­լէ­պա­հա­յը եւս մի­ա­ցաւ ապա­հով վայր փնտ­ռող­նե­րու հոս­քին: Նոյ­նիսկ Եգ­է­ա­կա­նին մէջ խեղ­դուող­նե­րու ցան­կին վրայ հա­լէ­պա­հա­յե­րու անուն­ներ ար­ձա­նագր­ուե­ցան:

Տագ­նա­պի հո­լո­վոյ­թին բո­լորս գրե­թէ ծա­նօթ ենք: Այս­տեղ, մեզ հե­տաքրք­րող գլ­խա­ւոր հար­ցը Սուր­իա­յէն մեկ­նող հա­յու ընտ­րած ուղ­ղու­թիւնն է:

2015-ին Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան կեան­քին մէջ լայն տա­րա­ծում գտաւ դէ­պի Գա­նա­տա գաղ­թը: Այ­լեւս դըժ­ուար է հան­դի­պիլ հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նի­քի մը, որ Գա­նա­տա գաղ­թե­լու դի­մորդ չու­նի…:

Ի տար­բե­րու­թիւն Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն, Գա­նա­տան ձրի կե­ցութ­եան պայ­ման­ներ չ՛առա­ջար­կեր: Մեկ­նող­նե­րը շատ լաւ գի­տեն, որ շու­տով պէտք է աշ­խա­տե­լու սկ­սին, որ­պէս­զի տան վար­ձը եւ իրենց ապ­րուս­տը հո­գան: Կը հասկ­նան, որ հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն անգ­նա­հա­տե­լի օժան­դա­կու­թիւնը (օդա­կա­յա­նէն դի­մա­ւո­րում, յար­մար վար­ձով բնա­կա­րա­նի, կա­հոյ­քի եւ նախ­նա­կան կա­րիք­նե­րու ապա­հո­վում, թղ­թա­բա­նա­կան հար­ցե­րու դա­սա­ւո­րում եւ այլն) ժա­մա­նա­կա­ւոր է: Անոնք գի­տեն նա­եւ, որ ապ­րուս­տը աժան չէ. 4 հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քի մը հա­մար ամ­սա­կան գո­նէ 2000 գա­նա­տա­կան տո­լար պէտք է:

 

****

Տագ­նա­պի պատ­ճա­ռով Հա­լէ­պէն դուրս եկող­նե­րու առա­ջին ալիք­նե­րը դէ­պի Հա­յաս­տան ուղղ­ուե­ցան: Ոմանք առ­ժամ­եայ պատս­պար­ուե­լու ու յե­տոյ Հա­լէպ վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար գա­ցին, շա­տե­րը` Հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տատ­ուե­լու մի­տու­մով: Աս­կէ աւե­լի բնա­կան եւ ցան­կա­լի ի՞նչ կր­նար ըլ­լալ: Անոնք փոր­ձե­ցին նոր կեանք սկ­սիլ: Քի­չեր, որոնք գու­մար­ներ եւ ցան­կու­թիւն ու­նէ­ին, կըր­ցան տե­ղա­ւոր­ուիլ եւ կեան­քը հու­նի մէջ դնել: Դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու ալ հան­դի­պե­ցան ան­պայ­ման, եւ ըստ երե­ւոյ­թին, կր­նան զա­նոնք յաղ­թա­հա­րել: Մե­ծա­մաս­նու­թիւնը այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւնը չու­նե­ցաւ:

Քիչ չէ այն հա­լէ­պա­հա­յե­րու թիւը, որոնք եր­կար ամիս­ներ Հա­յաս­տան մնա­ցին, ջա­նա­ցին իրենց վի­ճա­կը կա­յու­նաց­նել, աշ­խա­տանք գտան, բայց…

Հաշիւը պարզ է. նոյ­նիսկ աշ­խա­տանք ու­նե­ցող­նե­րուն հա­մար դժ­ուար էր այդ եկա­մու­տով շա­րու­նա­կել: Հա­յաս­տա­նի մի­ջին աշ­խա­տա­վար­ձով կա­րե­լի չէ վար­ձով տան մէջ ապ­րիլ, ամ­սա­կան, կեն­ցա­ղա­յին եւ այլ ծախ­սե­րը հո­գալ… Ի տար­բե­րու­թիւն Հա­յաս­տա­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ տա­րի­ներ առաջ ներ­գաղ­թած­նե­րուն, անոնք չու­նէ­ին սկ­սե­լու անհ­րա­ժեշտ թթխ­մո­րը:

Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չկր­ցան վի­ճա­կը ճիշդ գնա­հա­տել ու հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լեր առ­նել: Մինչ հա­լէ­պա­հա­յե­րը բա­րո­յա­կան աջակ­ցութ­եան, կա­ցա­րա­նի եւ աշ­խա­տան­քի կա­րիք ու­նէ­ին, հայ­րե­նի կա­ռոյց­նե­րը, գէթ սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին, չկըր­ցան այդ կա­րիք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նալ:

Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն հաս­տա­տել, որ Հա­յաս­տա­նը կա­րե­լին ըրած է սուր­ի­ա­հա­յե­րուն օգ­նու­թեան հա­մար: Կը բա­ւէ ելոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին անոնց ինք­նա­գոհ դէմ­քե­րուն նա­յիլ հա­մոզ­ուե­լու հա­մար, որ անոնք հա­ւա­տա­ցած են, որ աս­կէ աւե­լին կա­րե­լի չէր ընել… Ու­րիշ­ներ ալ «Էլ ի՞նչ կա­րանք անել: Մենք էլ ենք վատ ապ­րում»,- ըսե­լով սրտ­ցա­ւու­թիւն կը յայտ­նեն: Եւ պատ­կե­րը կ՛ամ­բող­ջա­նայ. «Մենք էլ ենք վատ ապ­րում…»: (Ի դէպ, մտահ­գիչ չէ՞, երբ պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ լա­ւա­գոյ­նը մա­տու­ցե­լու ձգ­տու­մը փո­խա­րի­նած են «մենք մեր կա­րե­լին ըրինք» հա­մո­զու­մով: Աս ալ տար­բեր խն­դիր է):

Եւ ար­դիւն­քը այն եղաւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տան­քի եւ ապա­հո­վու­թեան հե­ռան­կար չտես­նող­նե­րը սկ­սան հե­ռա­նալ, իրենց հետ տա­նե­լով երի­տա­սարդ Հայ­րե­նի­քին մէջ ար­մատ նե­տե­լու յոյ­սե­րը… Եւ, բո­լորս գի­տենք, որ հե­ռա­ցող­նե­րը միայն սուր­ի­ա­հա­յեր չեն: Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցող սուր­ի­ա­հա­յե­րը այ­պա­նե­լը դիւ­րին, եր­բեմն` իրա­ւա­ցի է:

Բայց այ­պա­նե­լէ առաջ փոր­ձենք հար­ցու­մի մը պա­տաս­խան տալ: Գա­նա­տա­յի պե­տու­թեան տրա­մադ­րած օժան­դա­կու­թիւնը մեծ բան չէ. Ճամ­բոր­դա­կան ծախս եւ կե­ցութ­եան իրա­ւունք: Գա­նա­տա գաղ­թող հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, ինչ­պէս Երե­ւա­նի մէջ, դարձ­եալ վար­ձով պի­տի ապ­րի, հոն նոր աշ­խա­տանք պի­տի սկ­սի: Ին­չո՞ւ Գա­նա­տա եւ ոչ` Երե­ւան…

Որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը պակ­սի ապա­գա­յի հե­ռան­կա­րը: Գա­նա­տա մեկ­նո­ղը վս­տահ է, որ աշ­խա­տանք կր­նայ ու­նե­նալ (հոգ չէ թէ` ինչ):

Գա­նա­տա­յի հիւ­րըն­կա­լու­թիւնը գնա­հա­տե­լով հան­դերձ եր­բեք պի­տի չհաս­նիմ այդ քայ­լը ող­ջու­նե­լու կամ քա­ջա­լե­րե­լու մա­կար­դա­կին: Ապ­շած կը հե­տե­ւիմ ոմանց խան­դա­վա­ռու­թեան, որ եր­բեմն Գա­նա­տան օրհ­նե­լու կը հաս­նի… Մենք ե՞րբ այս­քան օտա­րա­սէր դար­ձանք:

Այս ըն­թաց­քը չեմ ար­դա­րացը­ներ: Սկզ­բուն­քօ­րէն դէմ եմ Հա­յաս­տա­նէն զատ այլ եր­կիր գաղ­թե­լու երե­ւոյ­թին: Ներ­քուստ նա­եւ ան­հան­գիստ եմ, որ ան­հա­տա­կա­նը ամ­բող­ջէն այս­քա՜ն ան­ջատ­ուած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րած­ուած ենք: Այ­սու­հան­դերձ` երե­ւոյ­թը կայ: Ճիշդ չէ «հայ­րե­նա­սէր չեն», «անձ­նա­սէր են», «հան­գիստ կեանք կ՛ու­զեն» եւ այլ պի­տակ­ներ կպց­նե­լով` երես դարձ­նել ու ամե­րի­կա­ցի­նե­րուն խօս­քով` սեն­եա­կին մէջ բազ­մած փի­ղը չն­կա­տել…

 

****

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պի այս երե­սով առա­ջին հեր­թին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան մար­մին­նե­րը պէտք է հե­տաքրք­ուին: 25 տա­րե­կան Հա­յաս­տա­նը ներ­գաղ­թի երեք մեծ ալիք­ներ ու­նե­ցաւ. Ազր­պէյ­ճա­նէն բռ­նա­գաղթ­ուած­նե­րը, իրա­քա­հա­յե­րը եւ սուր­ի­ա­հա­յե­րը:

Առա­ջի­նը, հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով, կը ձգձգ­ուի: Բայց արդ­եօք տեղ մը պահ­ուա՞ծ է Ազր­պէյ­ճա­նէն փախ­չե­լով Հա­յաս­տան եկած ու յե­տոյ` այլ եր­կիր գաղ­թած հա­յե­րու թիւը:

Իրա­քա­հա­յե­րու եւ սուր­ի­ա­հա­յե­րու պա­րա­գան տար­բեր է: Ասոնք` գու­մար­ուե­լով Հա­յաս­տա­նի տն­տե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ան­հա­ւա­սա­րու­թեան պատ­ճառ­նե­րով ծա­ւա­լած ար­տա­գաղ­թի երե­ւոյ­թին վրայ, պէտք է ահա­զանգ դառ­նա­յին հայ­րե­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն:

Մենք մեծ տե­ղա­շար­ժեր կ՛ապ­րինք: Աւան­դա­կան Սփիւռ­քը կը նօս­րա­նայ: Ռու­սաս­տա­նի աւե­լի քան եր­կու միլի­ո­նա­նոց հա­յու­թիւնը սփռը­ւած է, բայց դեռ աշ­խոյժ եւ ու­ժա­կան հա­մայնք չէ: Եւ­րո­պա­յի մէջ նոր հա­մայնք­ներ կազմ­ուե­ցան, որոնք հազ­ուա­դէ­պօ­րէն գոր­ծուն­եայ են: Ամե­րի­կա­յի գա­ղութ­նե­րը տար­բեր հո­լո­վոյթ կ՛ապ­րին: Եւ այս բո­լո­րը իրա­րու զօ­դող գլ­խա­ւոր օղա­կը Հայ­րե­նիքն է:

Զօ­րա­ւոր Հա­յաս­տա­նը երաշ­խիքն է ապա­հով եւ աշ­խոյժ Սփիւռ­քի: Կա­րե­լի չէ կեղ­ծե­լով, ճա­ռա­խօ­սու­թեամբ կամ գոռ­գո­ռա­լով հար­ցե­րը շր­ջան­ցել:

Այս առի­թով կ՛ար­ժէ վե­րա­դառ­նալ Սե­ւակ­եան տո­ղե­րու.

 

«Օտար աշ­խար­հում ազատ լի­նե­լը այլ գե­րու­թիւն է,

Եւ տան մէջ նոյ­նիսկ գե­րի լի­նե­լը` այլ ազա­տու­թիւն…»:

 

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան