Անցեալ Հոկտեմբերին Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանի «Զուիցերիա ընդդէմ Փերինչէք»ի դատավճիռի ընկրկումէն ետք, սփոփելի եւ խրախուսիչ էր իմանալ որ Եւրոպայի գլխաւոր առաջնորդող դէմք մը նեցուկ կը կանգնի հայերուն:
Արդարեւ, Ֆրանսայի Նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտ Փարիզի մէջ Յունուար 29-ին, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CFFA) տարեկան Ճաշկերոյթի ընթացքին ներկայացուց բուռն ճառ մը եւ հանդիսաւոր կերպով խոստացաւ Ֆրանսական Խորհրդարանին մէջ առաջարկել օրէնք մը, որ կը քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Ի դէպ՝ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի հայկական լոպպիի խմբակցութիւնները կը գործակցին մէկ հովանիի տակ, հակառակ աւանդական եւ թշնամական տարբերութիւններու, որոնք կը տիրեն անոնց կուսակցութիւններուն միջեւ: ՀՅԴ-ն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) սերտ կապեր մշակած է իշխող
Ընկերվար կուսակցութեան իսկ ՌԱԿ (Ռամկավար) եւ այլ խմբակցութիւններ ու անհատներ ընկերակից են աջակողմեան RMP-ի հետ:
CFFA-ի տարեկան ճաշկերոյթը դարձած է աւանդութիւն մը ուր կը հաւաքուին համայնքին մղիչ ու ցնցիչ ուժերը: Հետեւաբար, որեւէ նախագահ կամ քաղաքագէտ մը կրնայ կորսնցնել պատեհ առիթ մը ի վնաս իր շահերուն երբ բացակայի նման ձեռնարկէ մը: Այս անգամ, մասնակիցներուն մէջն էին առասպելական երգիչ Շառլ Ազնավուր, Փարիզի Քաղաքապետ Անն Հիտալկօ եւ Սորպոնի ամերիկահայ դասախօս՝ Մարք Մուղալեան, որ Պրուքսել-Փարիզ գնացքին մէջ զգետնած էր ահաբեկիչ մը: Վերջին երկուքը արժանացած էին հանդիսութեան մրցանակներուն: Երեկոյթին գլխաւոր յայտնութիւնն էր Ֆրանսայի նախագահը, որ ներկայացուց ճարտարօրէն պատրաստուած ճառ մը, պարզելով ֆրանսական արժէքներու եւ քաղաքականութեան տարրերով շրջանակուած Հայկական Ցեղասպանութեան արդար դատին ճանաչումը: Ան հպարտութեամբ մատնանշեց թէ Երեւան այցելած էր մասնակցելու Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման, ներկայացնելով ոչ միայն ճաշկերոյթին մասնակից իր ունկնդիրները եւ իր երկիրը՝ Ֆրանսան, այլ նաեւ զօրավիգ կանգնելու համար յանուն արդարութեան միջազգային պայքարին: Անդրադառնալով աշխարհի ընթացիկ տագնապին, մասնաւորաբար փախստականներու հարցին, ան նշեց թէ այսօրուան գաղթականները կուգան նոյն այն վայրերէն ուր գործադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Տէր Զօր եւ Հալէպ:
Ֆրանսայի նախագահը պարզեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման երկու հանգրուանները Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին մէջ՝ 2001-ին, երբ Ֆրանսական Խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի որոշում մը, իսկ 2012-ին երբ Ֆրանսայի Սահմանադիր Դատարանը տարբեր օրէնքով մը Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացուց: Ան արժանապատուութեամբ սոյն օրէնքի ջնջման պարագան չվերագրեց իր նախորդ պաշտօնակից եւ ընդդիմադիր Նախագահ Նիքօլա Սարքոզիին, որ իսկական յանցաւորն էր: Արդարեւ, խորհրդարանին կողմէ օրէնքին որդեգրումէն ետք, կար ժամանակի պատուհան մը երբ նախագահը կրնար ստորագրել եւ վերջնականացնել գործընթացը, բայց Սարքոզի, որ արձունքոտ աչքերով խոստացած էր հայ համայնքին, որ ինք պիտի վաւերացներ օրէնքը, դիտաւորեալ ձգձգումներով Սահմանադրական Դատարանին մէջ թոյլ տուած էր ընդդիմադրութեան հաւաքելու բաւականին քուէներ չեղեալ համարելու խորհրդարանին քուէարկութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը ցաւով վերյիշեց Փէրինչէքի պարագան եւ զայն նկատեց ուրիշ պարտութիւն մը եւ կորուստ մը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան համար այլ նաեւ Ֆրանսայի համար: Ֆրանսան արդէն ունի օրէնք մը (Կէյսսոյի Օրէնքը) որ կը քրէականացնէ Հրէական Հոլոքոստի ուրացումը: Բայց օրէնսգէտներ կարող են որեւէ միջոցներով մազը երկուքի ճեղքել ցոյց տալու համար թէ «տարբերութիւն» մը կայ երկու պարագաներուն միջեւ:
Ներկաները տեղեկացան նախագահի յայտարարութենէն թէ ինք պաշտօն յանձնած է Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանի նախկին նախագահ Ժան-Փօլ Քոսթայի, որ նոյնպէս ներկայ էր ճաշկերոյթին, որ «կարճ ժամանակի» մը մէջ պատրաստէ օրինագիծ մը, քրէականացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը, այնպէս մը որ կարենայ դիմադրել որեւէ մարտահրաւէրի: Ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով ընկալեցին այս յայտնութիւնը:
Իր փակման խօսքերուն մէջ Հոլլանտ յայտնեց թէ Հայաստան պատրաստ է Եւրոպայի միանալու ինչպէս իր դրացի Վրաստանը: Թերեւս Ֆրանսայի նախագահը պէտք էր յիշեր թէ Հայաստան արժանի էր Եւրոպայի մաս կազմելու, քանի ան Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ի վեր կանգնած էր Ֆրանսայի եւ իր դաշնակիցներու կողքին, ու Հայկական Լէգէոնին միջոցաւ եւ Ռուսիոյ բանակին մէջ իր զինուորներով մասնակից եղած էր Դաշնակիցներու յաղթանակին: Սակայն Պրն. Հոլլանտի նախորդները չյարգեցին իրենց երաշխաւորութիւնը Կիլիկիոյ մէջ Հայերուն ինքնիշխանութիւն տալու, Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ: Եթէ Կիլիկիան վերապրէր, Եւրոպան պիտի տարածուէր մինչեւ Փոքր Ասիա, եւ այսօր Արեւմուտքը պէտք պիտի չունենար Թուրքիայէն մուրալու Ինճիրլիք ռազմախարիսխը, որ կը գտնուի Կիլիկիոյ սրտին վրայ, Ատանայի մէջ:
Թերեւս Պրն. Հոլլանտի նոր օրինագիծի մը խոստումը պատմութեան վրէժը կը ներկայացնէ: Մեծ ուժերը չեն թոյլատրէր որ խղճի խայթը ազդեցութիւն ունենայ իրենց առնելիք որոշումի մը վրայ, ինչ որ ալ ըլլայ անոր գինը խաղին ուրիշ մասնակիցի մը համար:
Հիմա որ Հայաստան շատ բարեկամներ չունի որոնք կարենան միջազգային քաղաքական բեմին վրայ իրեն թիկունք կանգնելու, այլընտրանք չունինք, բացի երախտապարտ ըլլալու Ֆրանսայի իր այս նոր նախաձեռնութեան համար: Սակայն նոյն ժամանակ անոնց պարտինք յիշեցնել, որ այս ուշացած մտածումը նուազագոյն առկախումն է Կիլիկիոյ մէջ իրենց պատմական դաւաճանութեան, երբ ֆրանսական զօրքեր, հայերու պաշտպանութիւնը ապահովեցնելէ ետք, գաղտագողի պարպեցին Կիլիկեան, անզէն հայ բնակչութիւնը թողելով Քէմալական ուժերու գութին:
Թէեւ Հոլլանտ վստահեցուց իր ունկնդիրներուն թէ իր խոստումները կապուած չեն որեւէ ընտրութիւններու, այսուհանդերձ Եւրոպայի քաղաքականութիւնները ցուցաբերած են բազմաթիւ վերիվայրումներ, մասնաւորապէս երբ հարցերը վերաբերած են հայերու:
Ֆրանսահայ գործօն տարրերը արժանի են մեր գնահատանքին: Սա առաջին անգամը չէ որ անոնք կարողացան երկրին նախագահը բերել հայկական ձեռնարկի մը: Միացեալ Նահանգներու մէջ, բոլոր կարելի ֆանֆարով հանդերձ, հայերը կարողացան պարտաւորեցնել Փոխ Նախագահ Ճօ Պայտընը որ անցեալ Մայիսին մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ աղօթքի մեղմ արարողութեան մը, Հարիւրամեակի ոգեկոչումի ծիրէն ներս: Այդ մասնակցութիւնը որեւէ չափանիշով չի մօտենար քաղաքական ճանաչումի մը: Թերեւս, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս միասնական աշխատանքով կարողանանք մեծաթիւ քաղաքացիներ զօրաշարժի ենթարկել եւ քաղաքականացնել, որպէսզի տեսանելի դառնանք քաղաքական րատարի վրան:
Այս հանգրուանին, ողջունենք Պրն. Հոլլանտի երկրորդ գալուստը եւ սպասենք ու ակնկալենք որ յարգէ իր խոստումը:
Թարգմ. Յ.Ա.