Իրանը կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի երկխօսութեան ճանապարհով կարգաւորման: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սէյէտ Քազեմ Սաճատին: «Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի երկխօսութեան միջոցով: Իրանը մշտապէս եղած է երկխօսութեան կողմնակից»,-ըսած է դեսպանը` բերելով իրենց իսկ օրինակը:
Սէյէտ Քազեմ Սաճատիի խօսքով` Միջուկային ծրագիրի լուծման հարցով Իրանը ապացուցած է, որ երկխօսութեան միջոցով հնարաւոր է լուծել բազմաթիւ խնդիրներ: