ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ գտնուող Օքսիտենթըլ քոլեճի (Occidental College) Հայ ուսանողներու միութիւնը (ASA) Ճանսըն ուսանողական կեդրոնին մէջ լուռ ցոյց կազմակերպած են` ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ քոլեճի պաշտօնական կայքը:
Մասնակից ուսանողները իրենց բերանները փակած են ժապաւէններով, որոնց վրայ գրուած եղած են «ժխտում», «արդարութիւն», ինչպէս նաեւ իրենց սպաննուած նախնիներու անունները: Անոնք նաեւ պահած են պաստառներ, որոնցմով կոչ ուղղած են աշխարհի տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն չժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Մեզի համար կարեւոր է փորձել եւ միաւորուիլ: Որքան աւելի շատ մարդ իմանայ այս մասին, այդքան աւելի շատ բան կրնանք ընել: Ես կը հաւատամ, որ նոր սերունդը մարդու իրաւունքներու հարցով ամբողջութեամբ այլ մտածելակերպ պիտի ունենայ»,- ըսած է Հայ ուսանողներու միութեան համանախագահ Լիզա Նաջարեանը: