Սուրիահայ Սեւանը Երեւանի Մէջ Կը Կատարէ Իր Պապերուն Երազանքը. Այստեղ Պիտի Ծնի Անոր Առաջին Զաւակը

Սուրիահայ Սեւանի սիրոյ պատմութիւնը իւրայատուկ է, իր տեսակով անկրկնելի ու շատ ռոմանթիք: Սա պատմութիւն մըն է, ուր սէրը, կամքի ուժն ու սեփական ուժի նկատմամբ հաւատքը յաղթահարած են բոլոր խանգարող հանգամանքները, դժուարութիւններն ու խնդիրները: Սեւանն ու Վարդանը կը նշանուին Հալէպ: Նշանտուքէն հինգ օր անց Վարդանը գործերով կը մեկնի Պէյրութ եւ Սուրիոյ մէջ կը սկսի քաղաքացիական պատերազմը:

‹‹Դէպի Հալէպ բոլոր Ճանապարհները կը փակուին, եւ Վարդանը չի կրնար ետ վերադառնալ: Մէկ կողմէ` սիրելիս Պէյրութ էր, միւս կողմէ` Սուրիոյ մէջ պատերազմ էր, անհասկանալի իրավիճակ, եւ ոչ մէկը գիտէր, թէ ատիկա ինչպէս պիտի աւարտուի: Սկիզբը բոլորը կը կարծէին, որ պատերազմը շուտ կը վերջանայ, ի վերջոյ, Սուրիան հզօր պետութիւն է: Սակայն ժամանակը կ՛անցնէր, պատերազմը չէր աւարտեր, Վարդանն ալ կը շարունակէր մնալ Պէյրութ»,- ­ «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է Սեւանը:

Այսպէս կ՛անցնի երկու տարի: «Կը պատկերացնէ՞ք, մենք երկու տարի չենք հանդիպած, հեռախօսակապը, համացանցը օր մը կար, օր մը չկար, եւ մենք անորոշութեան մէջ էինք»,-­ կ՛ըսէ Սեւանը` աւելցնելով, որ դեռ սուրիական պատերազմէն առաջ դիմած էին Հայաստանի իշխանութիւններուն` քաղաքացիութիւն ստանալու: Ճակատագրի բերումով, Երեւանէն դրական պատասխան կու գայ դիմելէն մօտ երկու տարի անց` սուրիական պատերազմի ժամանակ: «Մինչ այդ արդէն եղբայրս ընտանիքով տեղափոխուած էր Երեւան, եւ ես ու մայրս որոշեցինք գալ Հայաստան, որպէսզի մեր անձնագիրները վերցնէինք, նաեւ եղբօրմէս եւ անոր զաւակներէն կարօտնիս առնէինք: Մենք չէինք ենթադրեր, որ այստեղ երկար կը մնանք. Առաւելագոյնը` երկու ամիս: Մենք Երեւան եկանք Լիբանանով եւ այնտեղ ընդամէնը երկու օրով հանդիպեցայ Վարդանին: Մենք կ՛երազէինք միասին ապրիլ, ամուսնանալ, սակայն ես եկայ Երեւան, իսկ Վարդանը մնաց Պէյրութ: Սուրիոյ մէջ մենք արդէն ընտրած էինք հարսանիքի օրը, սակայն Հալէպէն ամէն օր աւելի ու աւելի վատ լուրեր կու գային»,- կը ­ պատմէ Սեւանը ու կ՛աւելցնէ, որ այդպէս իր` Երեւան մնալը աւելի երկարեցաւ:

Սեւանը կը պատմէ, որ Հալէպի մէջ գերզբաղուած եղած է, աշխոյժ կեանք ունեցած է, աշխատած, մարզուած, մասնակցած է համայնքային գործունէութեան: Հոս միջավայրը այլ էր, ծանօթներ ալ գրեթէ չունէր: Դժուարութիւնները աւելի շատցան, երբ Սեւանը որոշեց աշխատանք գտնել: Քունգֆուի մարզիչը ու Սուրիոյ մէջ եօթ մետալ շահած Սեւանը վստահ էր, որ մարզական ոլորտի մէջ պիտի գտնէ աշխատանք, սակայն հոս իրավիճակը այլ էր. Կը պարզուի, որ հոս այդքան ալ ընդունուած չէ աղջիկ մարզիչ ունենալը:

«Մարզանք իմ կեանքս էր, եւ իմ ինքնավստահութիւնը կու գար անկէ, որ մարզանքի մէջ ես առաջնակարգ մարզիկ էի եւ երբ հոս կը մերժուէի, թեւերս կը կոտրուէի: Եթէ Հալէպ պէտք է պայքարիս, որ հայ մնաս, պայքարիս քու ինքնութեանդ համար ու չկրտուիս քու շրջապատէդ, հոս` Երեւանի մէջ` հայերուն մէջ դուն պէտք է նախ հասկնաս զանոնք, քանի որ լեզուէն սկսած մինչեւ կենցաղային մշակոյթ եւ մտածելակերպ մենք շատ տարբեր ենք»,- կ՛ըս­է Սեւանը ու կ՛աւելցնէ, որ սկիզբը որեւէ դժուարութիւն ալ տհաճ է, սակայն ան կեանքի հարուածներուն կը մօտենայ մարզիկի փիլիսոփայութեամբ ու կ՛աւելցնէ, որ որեւէ դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել. կարեւորը դրական տրամադրուիլն ու չնահանջելն է:

Քանի որ Հալէպի մէջ Սեւանը աշխատած էր նաեւ որպէս գծանկարչական ձեւաւորող (graphic designer), հոս սրճարաններէն մէկուն մէջ նախ ընդունուեցաւ աշխատանքի որպէս գծանկարչական ձեւաւորող, այժմ նաեւ համակարգողն է եւ կը կազմակերպէ սրճարանին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները:

«Սա նոր կեանք էր, նոր իրավիճակ, եւ եթէ մենք Հալէպի մէջ այնքան չխօսէինք Հայաստանի մասին, եթէ մեզի դպրոցին մէջ այնքան չպատմէին Հայաստանի մասին, եւ եթէ մեզի մեր մանկութենէն չսովորեցնէին սիրելի հայրենիքը, հաւատացէք, ես չէի կրնար հոս ապրիլ: Ես էի ու իմ սէրս հայրենիքիս հանդէպ: Եւ, կարծես, մենք երկուքով կրցանք յաղթահարել խնդիրները: Այդպէս անցաւ շուրջ մէկ տարի, եւ Վարդանը վերջապէս կրցաւ գալ Երեւան. մենք ամուսնացանք ու որոշեցինք մշտական բնակիլ հոս»,- կ՛ըսէ ան:

Այժմ Սեւանն ու Վարդանն առաջնեկին կը սպասեն: «Իմ փոքրիկս բախտաւոր է, քանի որ իմ պապերուս ցանկութիւնը ինքը կը կատարէ: Ես ցեղասպանութեան երրորդ սերունդն եմ, իմ պապերս կ՛երազէին հայրենիք վերադառնալ եւ հոս զաւակներ ունենալ: Այժմ, իմ զաւակս կը կատարէ անոնց երազանքը եւ պիտի ծնուի հայրենիքին մէջ»,- կ՛ըսէ­ ան ու կ՛աւելցնէ, որ իր փոքրիկը իրեն կը ստիպէ դրական ու լուսաւոր բաներու մասին մտածելու: Կը Հաւատայ, որ դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, եւ խնդիրները շուտով պիտի լուծուին: «Դժուարութիւններ շատ ունիմ, բայց կան շատ առաւելութիւններ: Ի վերջոյ, հայը ո՞ւր պէտք է ըլլայ, հայը պէտք է ապրի Հայաստանի մէջ: Ես չեմ մտածեր որեւէ այլ տեղ հեռանալու մասին: Ես կ՛ուզեմ, որ Հայաստանէն ոչ ոք հեռանայ, որ բոլորը հոս աշխատին, հոս ստեղծեն»,-­կ՛ըսէ ան:

Ապագան ալ ան կը տեսնէ լուսաւոր ու պայծառ` սեփական տուն, շատ երեխաներով, կայացած, երջանիկ ու ապահով: Երեւանի մէջ ալ Սեւանը ամէն օր կը հետեւի, թէ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ: Պատճառը այն է, որ Հալէպը իր ծննդավայրն է ու այնտեղէն շատ յիշողութիւններ ունի: Սեւանը կը խոստովանի, որ Հալէպի կեանքէն ամէնէն շատը կը կարօտնայ իր ընկերները, միջավայրն ու ընտանեկան հաւաքները. կ՛ըսէ` պատերազմը զինք հեռու տարաւ մանկութեան ընկերներէն, իսկ ընտանիքը պառակտեց. եղբայրներէն մէկը Շուէտ է, մէկը` Հայաստան, երկուքը` Սուրիա:

 

ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ