Հինգշաբթի՝ 11 Փետրուար 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաստատեց որոշման նախագիծ մը, որով չեղեալ յայտարարեց «Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր» ՊՈԱԿ-ը լուծարելու մասին 2015-ի Օգոստոսին կայացուցած որոշումը:
ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեանի փոխանցմամբ` որոշումը հիմնաւորուած է, որովհետեւ «ՆՏԱԱ ինուեստմենտ կրուպ» ՍՊԸ-ն օտարուած պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքին դիմաց վճարումները սահմանուած ժամկէտներու մէջ չէ իրականացուցած:
Որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք` 10-օրեայ ժամկէտի մէջ, ՊՆ-ն պէտք է լուծէ «ՆՏԱԱ ինուեստմենտ կրուպ» ՍՊԸ-ի հետ 2015-ի Սեպտեմբեր 1-ին կնքուած անշարժ գոյքի առ ու վաճառքի պայմանագիրը:
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է պատրաստել նախագիծ, որով համալիրի բաժնետոմսերու կառավարումը Պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի փոխանցուի Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան:
Յիշեցնենք, որ Մարզահամերգային համալիրը, որ 2014 թուականի Օգոստոսին յանձնուած էր Պաշտպանութեան նախարարութեան, մէկ տարի անց $ 30 միլիոնի համարժէք դրամով վաճառուած էր «ՆՏԱԱ ինուեստմենտ կրուպ» ՍՊ ընկերութեան: