«Եթէ 60 տարիներ առաջ այս գաղութը սկսաւ հիմնուիլ, ծաղկեցան դպրոցներ, եկեղեցիներ, բարեգործական եւ մամուլ ահա, դուք այսօր ձեր ներդրումով աւելի պիտի բարձրացնէք արդէն կառուցուած այս հայկական օճախները: Եթէ ճաշը պատրաստ էր, դուք աղն ու պիպեռը պիտի ըլլաք այդ պատրաստ ճաշին»: Ինքնավստահ այլ համոզիչ ոճով՝ մօտ 2 ժամ, անսայթաքօրէն վարեց երեկոյթը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ատենապետ՝ Արթօ Մանուկեան: Աննախընթաց երեւոյթ մը երբ Կիրակի 7 Փետրուար 2016 կ.ե. ժամը 7ին, Սուրիահայ- Իրաքահայ նորահաստատ հասարակութեանը, խուռներամ ներկայ էր Թէքէեան Մշակ. Միութեան սրահին մէջ, իր մտահոգութիւնները արտայայտելու:
Երկար սեղանի մը առաջ, կազմուած էր մասնագէտներու ատեան մը՝ խորհրդատական կազմ մը
(Panel): Հմուտ երիտասարդներ մտադիւր եկած էին ուղղութիւն տալու Սուրիահայ- Իրաքահայերու դիմակալած դժուարութեանց: Թելադրուած էին կարճ ու ամփոփ պատասխաններ տալու: Այլազան հարցումները – ամենապարզէն ամենաթնճկոտը – համբերութեամբ կը պատասխանուէին ամենայն յստակութեամբ ու կանոնաւորութեամբ: Հոն էին,-
– Մարի-լոռ Սիմէթիէրը՝ Power point-ի պատասխանատու
– Պետրոստ Սարգիսեանը՝ տուրքայինի ոլորտին մէջ (Taxation)
– Արի Նազարէթեանը՝ եւ Սէրօ Անտոնեանը բժշկական կամ դեղորայքի (Medical & Pharmaceutical)
– Նաթալի Մալօն՝ օրէնսդրականի (Legal)
– Ռաֆայէլ Խաչատուրեանը՝ ճարտարագիտութեան
– Անոյշ Մարաշլեանը՝ ուսումնականի (Educational)
– Ալին Պէքէրէճեանն ու Լինտա Խարապոյեանը՝ նօտարի (Notery)
– Փանոս Աղպաշեանը եւ Ռաֆֆի Չաքմաքճեանը՝ դրամականի (Banking & Investment):
Բոլոր պատասխաններուն կեդրոնաձիգ մտահոգութիւնը եւ հետեւաբար լուծումը՝ ֆրանսերէն լեզուի կարեւորութիւնն էր:
Հրաւիրուեցաւ Պրն. Աւետիս Պագգալեանը՝ մօտ 4 տարիներէ ի վեր Սուրիայէն հաստատուած եւ ստանձնած «Ապագայ» շաբաթաթերթի հաճելի այլ պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը, ունենալով իբրեւ պաշտօնակից, դարձեալ Սուրիահայ Տիկ. Սալբի Հալաճեան Մարկոսեանը:
Պրն. Պագգալեան ըրաւ իր սրտի խօսքը: Բառին բուն առումով «Սրտի խօսք» մը, բխած սրտէն եւ ուղղուած իր հայրենակիցներուն, վերջացնելով «ճիշդ է, թէ բոլորս կը փնտռենք մեր հին յիշատակները, բայց հաւատացէք բնաւ պիտի չզղջաք հոս գալով, այլ հին յիշատակները պիտի թարմանան Մոնթրէալի մէջ, ձեր նոր ներդրումով:
Յոյս կը տրուէր անոնց: Յո’յս: Ամենազօրաւոր ուժը կեանքի անսահման սահմանին մէջ: Իսկ
Այդ տուողին՝ յարգա՜նք եւ ակնածութի’ւն:
Արժանապատիւ Տէր Վազգէն քհնյ. Պոյաճեանի ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր: Ան՝ գիտակից իր հովուական պարտականութեան, անգամ մը եւս կու գար ջերմացնելու, իր խրատական խօսքերով, ներկաներուն հոգիները:
Այս առիթէն օգտուելով Պրն. Մանուկեան հաստատեց կարեւորութիւնը Սուրիահայ- Իրաքահայ դրական ներդրումին, երբ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ Թէքէեանի «Հայ Բեմ» թատերախումբի 80 դերակատարներուն մէջէն 5 արուեստասէրները Սուրիահայեր են, որոնք արդէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն յառաջիկայ ներկայացման պատրաստութեան մէջ:
Ի միջի այլոց ներկաներուն բաժնուեցան թղթիկներ, որոնց վրայ պիտի արձանագրուէր, անոնց աշխատանքի մասնագիտութիւնն ու նախասիրութիւնները: Յարգելի Ատենապետը խնդրեց ներկաներէն այդ հարցարանները ամբողջացնել ու վերադարձնել ապագայի՝ գործ գտնելու ճիգերը դիւրացնելու համար, եւ այդ պիտի ըլլար «Ապագայ» շաբաթաթերթի միջոցաւ: Ահաւասիկ հսկայ աշխատանքի մը նախապատրաստութիւնը: ***
Ներկայ կը գտնուէր «Հայ Տուն»ի ռահվիրանն՝ տիկ. Նայիրի Թավլեան: Պրն. Արթօ Մանուկեանի հրաւէրով ան իր նուրբ այլ վստահութիւն ներշնչող ոճով կրկին յուսադրեց անոնց: Ուրախացաւ իրենց ներկայութեամբ ու տխրեցաւ անոնց ցաւով:
Յուզուած էր Տիկ. Նայիրին, փղձկած էր իր ձայնը: Անկեղծ ու սրտաբուխ էին անոր խօսքերը: Այդ անփոխարինելի կինը, որ սիրայօժար առանց ակնկալելու որեւէ փոխարինութիւն, կը տրամադրէր իր հանգիստը վասն առաքինի ազգային աշխատանքի մը:
Հարցումները կը շարունակուէին, սակայն ժպիտներ ու մտահոգութեան փարատումներ աւելի կը շեշտուէին: Բնական էր: Յարգելի Ատենապետ Արթօ Մանուկեան, ամբիոնէն «Թէքէեան Մշակ. Միութեան անունով կը խոստանար կատարել լաւագոյնը եւ թէ ո՞ւր կը հասնի այս աշխատանքը եւ այս արդիւնքը, ապագան պիտի ըլլար միակ վկան:
Երեկոն տակաւին չէր վերջացած: Տակաւին հարցումները կը շարունակուէին ճոխ պատուասիրութեամբ պատրաստուած սեղաններու շուրջ:
Այդ վայրկեանին բոլորս ալ, քով-քովի, կարծես նոյն ցաւով սկսեր էինք տառապիլ, նոյն մտահոգութիւնները ունենալ… ժամանակները մօտեցած էին… այսօր եւ 60 տարիներ առաջ… իսկ մենք ալ աւելի մօտեցած իրարու. Այդ քանի մը ժամուան ընթացքին, միաձուլուած, մասնակից դարձած, սակայն նաեւ թշնամի Անծանօթին առջեւ՝ դարձած մէկ վահան, մէկ բռունցք ու նոյնանպատակ մէկ պայքար, իրարու օգնելու եւ հետեւաբար դէպի մէ’կ արդիւնք՝ Յաջողութի’ւն:
Այդ վայրկեանին Թէքէեանի կեդրոնին մէջ չկար, Եգիպտահայ, Լիբանանահայ, Պոլսահայ, կամ Յունահայ, այլ բոլորս, բոլո’րս, բոլո’րս միասին Սուրիահայ- Իրաքահայ դարձեր էինք:
Պերճ Գոգորեան
*** Հպարտութեամբ տեղեկացանք թէ վերոյիշեալ տողերը արտատպուած ժամանակ, արդէն ներկաներէն մին գործ գտած է շնորհիւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան այս աշխատանքին: «Ապագայ»