Սէյրան Օհանեան մօտէն ծանօթացած է հակամարտ զօրքերու սահմանին տիրող իրավիճակին

Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններուն միջեւ առկայ փոխ համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրին ծիրէն ներս Փետրուար 11­-ին Արցախ այցելած ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ եղած է բանակային բնագիծի շարք մը հատուածներ եւ ծանօթացած հակամարտ զօրքերու սահմանագծին տիրող իրավիճակին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Շրջայցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուած է առաջնագծի պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ուղղուած գործողութիւններու համալիրը, այնտեղ ներդրուած մարտավարական ու ճարտարագիտական նորարարութիւնները: Այցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը եղած է նաեւ Տիգրանակերտի բանակային վարժարանին մէջ եւ հետեւած է ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն հրաձգային վաշտի կողմէն իրականացուող հետեւակի մարտական մեքենաներու գործնական հրաձգութեան պարապմունքներուն: