ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՀԱՅԱՍԱՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ
Փետրուար 24, 2016-ին Հայաստանի նախագահական ապարանքին մէջ, իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ Քաղաքական Համագործակցութեան Ծրագիրը: Վեց էջերէ բաղկացած համաձայնագիրը ստորագրեցին, Հանրապետական Կուսակցութեան փոխ նախագահ՝ Արմէն Աշոտեան եւ ՀՅԴ-ի Գերագոյն Մարմնի Վարիչ՝ Աղուան Վարդանեան: Ներկայ էին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՀՅԴ Պիւրոյի անդամ Հրանդ Մարգարեան:
Ստորագրութենէն ետք, պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին, Արմէն Աշոտեան ըսաւ թէ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս նոր մշակոյթի մը սկիզբը դրուեցաւ, որ նախընտրական կամ յետընտրական համախոհութիւն չէ, այլ սկիզբն է քաղաքական երկարատեւ գործակցութեան:
Նախագահ Սարգսեանի հրամանագրով պաշտօնէ ազատ արձակուած էին Կրթական ու գիտութեան, Տնտեսութեան, ու Տարածքային Զարգացման նախարարներ՝ Արմէն Աշոտեան, Կարէն Ճշմարիտեան եւ Արմէն Երիցեան, ու անոնց փոխարէն նշանակուած էին ՀՅԴ-ի անդամներ՝ Լեւոն Մկրտիչեան, Արծուիկ Մինասեան եւ Դաւիթ Լոգեան: Նոյնպէս, Շիրակի մարզպետ կը նշանակուէր Յովսէփ Սիմոնեան, իսկ Արագածոտնի մարզպետ՝ Գագիկ Կօզալեան: