Ազգային ժողովը աւարտեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ընտրութեան փակ, գաղտնի քուէարկութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 107 պատգամաւոր, անվաւեր ճանչցուեցաւ 4 քուէաթերթիկ:
96 պատգամաւոր «կողմ» քուէարկեց Թաթոյեանի թեկնածութեան, 7-ը` «դէմ»:
Քուէարկութեան արդիւնքներու ամփոփումէն ետք Արման Թաթոյեան, մօտենալով ԱԺ ամպիոնին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «բարձր վստահութեան համար», այնուհետեւ երդում տուաւ. «Երդւում եմ հաւատարիմ լինելով ՀՀ Սահմանադրութեանն ու օրէնքներին, պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները»:
Lրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ որեւէ կերպով կաշկանդուած պիտի չըլլայ, որ իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը: