ՀՀ ԱԳՆ. «Միջազգային hանրութիւնը բաւարար ուշադրութիւն չի դարձներ սուրիացի փախստականներուն»

Փախստականներու խնդիրը համաշխարհային խնդիր է, որուն հետեւանքները դուրս կու գան պետութիւններու սահմաններէն: Այս մասին, այսօր կայացած «Հումանիտար արձագանգէն մինչեւ կայուն որոշումներ» աշխատանքային գիտաժողովին ելոյթ ունենալով, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ Սուրիոյ հակամարտութեան ամենասկիզբէն Հայաստանը ընդունած է փախստականներ: «Ես կը ցանկանայի ուշադրութիւն հրաւիրել այն հանգամանքին, որ, չնայած Հայաստանի եւ միջազգային տարբեր կառոյցների համագործակցութեանը, սիրիացի փախստականների խնդիրների նկատմամաբ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը բաւարար չէ: Նրանք բոլորը պաշտպանութեան եւ աջակցութեան կարիք են զգում»,- ընդգծած է Աշոտ Յովակիմեան: Ան նշած է, որ Հայաստանը վերջերս դարձած է ՄԱԿ` փախստականներու հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի գործկոմի անդամ, որ մեր երկրի համար կարեւոր հարթակ է: