ԼՂՀ ՊՆ. «Ղարաբաղա-Ատրպէյճանական սահմանագծին լարուածութեան աճ նկատուած է»

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին Փետրուար 24-ին եւ լոյս 25-ին նկատուած է լարուածութեան աճ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1700 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասէրը համարժէք պատասխան տուած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած սահմանագծի ողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: