Սեւան Պչաքճըի պատրաստած ապարանջանը՝ Օսքարի զարդերէն մէկն էր

Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը կը շարունակէ խօսեցնել իր մասին: Մինչ նախընթաց օր լուրեր կը հրատարակուէին նոր դափնեկիրներու մասին, մրցանակաբաշխութեան մասին լուրերը ընդհանրապէս կը կեդրոնանային մասնակիցներու հագուստներու եւ անոնց կրած թանկարժէք զարդեղէններու վրայ:

Տեղական ու ամերիկեան թերթերը Օսքարի մրցանակաբաշխութեան մասին իրենց լրատուութիւններու մէջ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան նաեւ Պոլսահայ յայտնի ստեղծագործ-վարպետ Սեւան Պչաքճըի անուան:

Այսպէս կը շեշտուէր որ ամերիկեան յայտնի դերասանուհի Վուփի Կոլտպէրկ, որ Օսքար, Էմմի, Կրէմմի եւ Թոնի մրցանակներու դափնեկիր հանդիսացած բացառիկ կին դերասանուհիներէն մէկն է: Օսքարի մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իր հագուստը ամբողջացուցած էր «ութոտանի»ի տեսք ունեցող գոհարազարդ ու ադամանդազարդ ապարանջով մը, որ պատրաստուած էր Սեւան Պչաքճըի կողմէ:

Ըստ հաղորդուած լուրերուն, կարմիր գորգի վրայ տողանցքի ընթացքին Կոլտպէրկ պատասխանելու լրագրողներու հարցումներուն, շարունակ կը շեշտէր որ ապարանջանը պատրաստուած էր «թուրք ստեղծագործ-ոսկերիչ»ի մը ձեռագործ աշխատանքով: Սեւան Պչաքճըի ստեղծարար ձեռքերէն ծնունդ առած այսապարանջանը հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան ամէնէն շատ խօսուած գոհարեղէնն էր:

Ի դէպ, Սեւան Պչաքճը ութոտանիի տեսքով այս ապարանջանի լուսանկարը նախապէս տեղադրած էր «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ: