…Անո՜յշ Արդիւնքը

Պերճ Գոգորեան

Մի քանի ամիսներ առաջ, մօտ Նոյեմբերի 2015ին, սրտի մեծ գոհունակութեամբ՝ Տոքթ. Յ. Արզումանեան եւ Ազնուափայլ իր Տիկինը, կը վերադառնային հայրենի հողերէն:

Անոնք այցելած էին Թէքէեան վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն. բաժնելու համար իրենց, այլ համայն կազմակերպութեան հպարտութիւնն ու հաճութիւնը, ըլլայ նիւթական թէ բարոյական: Իբրեւ ներկայացուցիչ «Ուսուցչական ֆոնտ»ին (Sponsor a Teacher) անոնք յանձնած էին այդ գնահատանքը, հայրենիքի ուսումի ռահվիրաններուն՝ հատ-առ-հատ:

Յարգելի Տօքթ.ը եւ Տիկինը, առանց ֆանֆարի ու շեփորի, իրենց միջոցներով, մեկնած ու վերադարձած էին, հետերնին բերելով միայն պայծառ ժպիտ մը:

Եթէ իրենք արժանի են այդ ժպիտին, այլ եւ կրկնակի արժանի են իրենց ետին կանգնող կազմակերպութիւնն ու կուսակցութիւնը՝ ՌԱԿ-ը իր սիրայօժար պաշտօնակիցներով:

Եւ այս կը պատահի, ամէն տարի, երբեմն տարբեր ներկայացուցիչներով, սակայն միշտ նոյն պայծառ ժպիտով:

Հայաստանի թէ Ղարաբաղի մէջ, ըստ 2014 ի տուեալներուն, 5 Թէքէեան վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, թիւով 309, կ’ստանան տարեկան ընդհանուր US 40,170: Իսկ 82 աշխատողներ, նոյն պայմաններով կ’ստանան US 2460: Բարեխիղճ 162 նուիրատուներու օգնութեան արդիւնքն է սա : (Հիւս. Ամերիկա):

Ահաւասիկ երկրորդ իրական պատահար մը:

Զոյգ մը Մոնթրէալահայ, վստահ ըլլալէ ետք, թէ կը շարունակուի «Ուսուցչական Ֆոնտ»ը, իրենց կամքով եւ առանց ուրիշի հետապնդման, անձամբ կը ներկայանան միութեանս կեդրոնը եւ ըստ իրենց տարեկան սովորութեան, անոնք անձամբ կը յանձնեն այդ լուման:

Պահ մը հեռանանք թիւերու կամ վիճակագրութեանց խճողումէն, դնենք ձեռքերնիս մեր սրտին, կամ աւելի, մեր խղճին վրայ, ու պիտի տեսնենք, թէ աւելի նուիրական երեւոյթ մը կայ, աւելի վեհ ու վսեմ, որուն ետին կ’երեւի, հայ աշակերտ մը փրկելու՝ ուսուցիչին պարտաւորութիւնը, արդէն վտանգուած՝ Ապագայէն:

Արդեօք հայրենիքի ուսուցիչները, պիտի փոխեն իրենց առաքելութիւնը, եթէ դադրի այդ օգնութիւնը: Ո’չ: Այսինք, մէկ խօսքով, ղրկեցինք այդ օգնութիւնը կամ ոչ, այդ ուսուցիչները սրբութեամբ պիտի շարունակեն առաջնորդել Նոր Սերունդը դէպի անվտանգ ափեր:

Ուրեմն երբ դնենք ձեռքերնիս մեր խղճին վրայ, պիտի լսենք հետեւեալը.-

– Սիրելիս, կը մասնակցի՞ս այս ծրագրին:

– Այո,- պիտի պատասխանէի,- սակայն, այս տարի, ոչ տակաւին:

– Ինչո՞ւ,- պիտի հարցնէր խիղճս:

– Ժամանակ չունեցայ:

– Սիրելիս,- հեգնանքով պիտի ըսէր,- սկսեր ես ծերանալ ու մոռնալ, եթէ անմիջապէս չի ղրկես, դարձեալ ժամանակ պիտի չունենաս:

… Եւ իրաւունք ունէր խիղճս: Եթէ հիմա չի պատրաստէի «չէք»ս, կրնայի մոռնալ: Ուրեմն անմիջապէս գրեցի եւ փոստարկղ ձգեցի: Վե’րջ:

Գաղտնիքը՝ անմիջապէս հիմա գրելն ու ղրկելն է:

Իսկ ստանալէ ետք, այդ Գաղտնիքին՝ անո՜յշ արդիւնքը: