Ստորագրահաւաք՝ Սեւան Նշանեանը Ազատ Արձակելու Պահանջով

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայերն Այսօր» կը գրէ, թէ Change.org կայքին վրայ սկսած է պոլսահայ մտաւորական, հրապարակախօս եւ լեզուագէտ Սեւան Նշանեանի ազատութիւնը պահանջող ստորագրահաւաք մը, որուն, Փետրուար 29ի դրութեամբ՝ արդէն իսկ միացած է 11,240 հոգի:

Ինչպէս յայտնի է, Սեւան Նշանեան իրեն պատկանող տարածքին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն մը կատարելու մեղադրանքով, 2014ին թրքական դատարանի մը կողմէ դատապարտուած էր 11 տարուան բանտարկութեան, սակայն այդ որոշումին դէմ պայքարողները վստահ են, որ այլախոհ մտաւորականի բանտարկութեան իսկական պատճառը իսլամութեան վերաբերեալ անոր արտայայտած գաղափարներն են: Պոլսահայ մտաւորականը բազմիցս հանդէս եկած է Թուրքիոյ կառավարութեան սխալներուն ուղղուած հրապարակային քննադատութեամբ: Ան նաեւ բազմիցս խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին:

Նշենք, որ 2014ին Սեւան Նշանեան պարգեւատրուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշանով:

Ստորագրահաւաքին միանալու համար, այցելել սոյն կայքէջը։

www.change.org/p/free-sevan-nisanyan/share?after_sign_exp=default&just_signed=true