«Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Անց» ուղեցոյցը INDIEFAB-ի կողմէն լաւագոյններէն ճանչցուած է

Ամերիկահայ գրող, լուսանկարիչ Մեթիւ Քարանեանի «Պատմական Հայաստանը 100 տարի անց» ուղեցոյցը INDIEFAB–ի 2015 թուականի «Տարուան գիրք» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին յայտնուած է ճանապարհորդական գիրքերու մրցոյթի եզրափակիչ փուլին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianweekly.com-ը։

2015-ին տպագրուած գիրքը իր տեսակով առաջինն է իբրեւ Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային վայրերուն ծանօթացնող պատմական ուղեցոյց: Անոր մէջ ընդգրկուած են 125 գունաւոր լուսանկարներ եւ քարտէզներ, որոնց մէկ մասը ունի մէկ դարու հնութիւն:

Մեթիւ Քարանեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է գիրքի լաւագոյններէն մէկը ճանչցուելուն առիթով: ««Պատմական Հայաստան» աշխատութիւնը հրատարակելու պատճառներէն մէկը եղած է լուսաւորել պատմական հայրենիքի մէջ հայերու` շատ յաճախ մոռացութեան մատնուած մշակութային ժառանգութիւնը»,- նշած է գիրքին հեղինակը: