Մոսկուան մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը

Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու Բարձրագոյն դատարանը բացասական եզրակացութիւն տուած են Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագիծին:

Այդ մասին կը յայտնէ Rusarminfo գործակալութիւնը` յղում ընելով նախագիծին համահեղինակ, Ռուսիոյ Տումայի փոխ խօսնակ Նիքոլայ Լեւիչեւի օգնականին:

Ըստ panarmenian.net-ի՝ Պետտումայի խորհուրդը ետ ուղարկած է օրինագիծը այն պատճառով, որ խախտուած է կառավարութեան ու Բարձրագոյն դատարանի կողմէ զայն քննելու ժամկէտը: Կառավարութեան պատասխանը եկած է Փետրուար 9-ին, իսկ Տումայինը` Փետրուար 8-ին:

Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման համար պատասխանատուութեան վերաբերեալ օրինագիծը ներկայացուած էր Ռուսիոյ Պետական Տումային 2015 թուականի Նոյեմբեր 25-ին, Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Սու-24 ռմբակոծիչի ոչնչացման յաջորդ օրը: ՌԴ Պետտումայի փոխնախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու մասին օրինագիծին համահեղինակ Նիքոլայ Լեւիչեւը PAN-ի հետ զրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով մտավախութիւնները, որ օրինագիծը այս կամ այն պատճառով կրնայ չհաստատուիլ կամ միտումնաւոր «չընդունուիլ», յայտարարած էր, թէ «աւելի բարենպաստ պայմաններու սպասելու պարագային, գուցէ, ստիպուած ըլլայինք սպասել մէկ այլ «կլոր» տարելիցի»:

Ռուսիոյ Պետտուման ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1995-ին: