Կեսարիոյ մէջ խօսուող գաղտնալեզուն՝ «Վարդաներէն»ը

Կեսարիոյ մէջ կը խօսին գաղտնի հայերէնով` «Վարդանի Լեզուով»

Թրքական NTV կայանը անդրադարձած է Կեսարիոյ թաղամասերէն մէկուն՝ Էրքիլէթի մէջ օգտագործուող եւ այժմ կորսուելու հաւանականութեան դիմաց գտնուող այս լեզուին, զոր տեղացիները «Վարդաներէն» կը կոչեն:

79 տարեկան Էրթիլէքցի Օմէր Պիրտալ ըսած է, որ մարդիկ այս լեզուն գործածած են երբ չեն ուզած, որ իրենց յաճախորդները կամ շուրջինները հասկնան խօսակցութեանը: Այդ պատճառով ալ շրջանին մէջ այն որպէս «գաղտնի լեզու» ծանօթ է:
Շրջանի հին բնակիչներէն ըլլալով, Պիրտալ նշած է, որ այս լեզուին արմատները հայերէն եւ ռումաներէն են: Էրթէլիքցիներ Շա՛ապան Աքքայա եւ Շաքիր Իմամօղլու յայտնած են, որ Վարդաներէնը այլեւս յիսուն տարեկանէն փոքր մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդները, չեն գիտեր:

Արճէշի համալսարանի Գրականութեան ֆակուլտետի Հայերէն Լեզուի եւ Գրականութեան ճիւղի դասախօս Դոկտ. Կաֆֆար Մէհտիեւի համաձայն՝ Վարդաներէնի որոշ բառերը «արեւելքի հայերէնի մէջ ալ կան: Ան նշած է. «Հայերէնի խօսակցական լեզուին մէջ օգտագործուած ծանօթ բառերը շատ են: Անշուշտ ռումաներէն ալ կրնայ խառնուած ըլլալ, բայց ակնյայտօրէն տիրապետողը հայերէնն է:

Օրինակ «եումուրթա» իմաստով գործածուող «հաւկիթ»ը, «եոկուրթ» իմաստով օգտագործուող «մազին»ը, «պուղտայ» իմաստով օգտագործուող «ցորուն»ը հայերէնի մէջ կան: Մեհտիեւ ընդգծած է, որ աշխարհի վրայ շատ քիչ են այն լեզուները, որոնք միայն մէկ գիւղի մէջ կը խօսուին. Այդ պատճառով ալ ասիկա հետաքրքրական եւ ուսումնասիրութեան արժանի երեւոյթ է
NTV յիշած է, որ Վարդաներէնի մասին ցարդ կատարուած ամէնէն ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը մահացած լեզուագէտ Ահմէտ Ճաֆէրօղլու ըրած է: Յաջորդները՝ անոր աշխատանքի կրկնութիւնն է: Կը կարծուի, որ Վարդաներէնը մտաւորապէս 150 բառ ունի:

Թարգմանեց Մարի Մերտխանեան