Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ 14 ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով Մարտ 23-էն 26 Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները կը ներկայացնեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MITT’2016» զբօսաշրջային ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին, որուն այս տարի կը մասնակցին աւելի քան 1800 ընկերութիւններ 192 երկիրներէն:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ «MITT»-ը աշխարհի 5 ամենամեծ զբօսաշրջային ցուցահանդէսներէն մէկն է: Անցեալ տարի` «MITT2015»-ի՛ ընթացքին, Հայաստանը ներկայացնող 14 զբօսաշրջային ընկերութիւնները 43 պայմանագիր կնքած են եւ սպասարկած յաւելեալ 23 զբօսաշրջային խումբ:
Նման յաջողութիւնները «MITT»-ը շատ լաւ հարթակ կը դարձնեն Հայաստանի ու Արցախի զբօսավայրերու առաւելութիւնները ներկայացնելու համար, եւ ուղղուած են ամրապնդելու ու խթանելու Հայաստանի եւ Արցախի` որպէս զբօսաշրջային գրաւիչ երկրի կայուն եւ զարգացող վարկանիշը:
«Ցուցահանդէսը նաեւ մասնաւոր հատուածի համար լաւ հարթակ է` գործարար կապերի հաստատման, գործընկերների ու յաճախորդների հետ նոր պայմանագրերի կնքման, ինչպէս նաեւ ներգնայ զբօսաշրջութեան ծաւալների խթանման համար: Մեր մասնակցութիւնը նպատակ ունի առաւելագոյնս իրացնել զբօսաշրջային ոլորտում առկայ հայ-ռուսական համագործակցութեան մեծ ներուժ է,- նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեանը:
Հայաստանը եւ Արցախը ներկայացնող ընկերութիւններն են` «Ջի2էյ», «Վարդանուշ գրէնդմա», «Ամթրաւել», «Վիզաւի տուր», «Ինտուր», «Օպերա տուր», «Արմենիա թրաւել + Մ», «Լոռե գրուպ», «Թուֆենկեան Հոսփիթալիթի», «Արմենիա մարիոթ», «Արարատ տուր», «Վիվառո գեյմ», «Պանորամա Ռեսորթ», «Ջերմուկի նոր կեանք»:
Զբօսաշրջային ընկերութիւններէն բացի, ցուցահանդէսին կը մասնակցին եւ գործարար առաջարկներ կը ներկայացնեն հիւրանոցային, օդանաւային, առցանց ամրագրման գործը ներկայացնող ընկերութիւններ: