Հայկական Անի մայրաքաղաքէն 11 քմ. հեռաւորութեան վրայ` Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած են շրջանին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող տասնհինգ ժայռապատկերներ:
Կարսի նահանգի Մշակոյթի եւ արուեստի ընկերակցութեան ղեկավար Վետաթ Աքչաեիւզ յայտնած է, որ Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած 15 ժայռապատկերները ղրկուած են թանգարանային տնօրէնութեան: Ան յոյս յայտնած է, որ այս ժայռապատկերները կ՚օգնեն՝ Անիի ամբողջ տարածքին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկումին: