Բեմադրիչ Անահիտ Ապատի հայ-իրանական «Եւա» ֆիլմը առաջադրուած է «Օսքար-2018»-ին «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգին:
Ֆիլմն արդէն ընդգրկուած է յաւակնորդներու ցուցակին մէջ, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն” լրատուական կայքը:
«Եւա» ֆիլմը Հայաստանի եւ Իրանի համատեղ արտադրանքն է, ֆիլմի ցուցադրութիւնը Սեպտեմբեր 24-էն կը ցուցադրուի երեւանեան կինոթատրոններուն մէջ:
Ֆիլմը պատմութիւնն է կնոջ մը մասին, որ Արցախեան պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած է իր ամուսինը եւ կ՛ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած մութ ու ծանր պատմութիւնը: Եւան դստեր` Նարէի հետ կը հեռանայ Երեւանէն, կը հաստատուի Արցախ` ծանօթներու մօտ: Սակայն, անցեալը ամէն տեղ կը հետապնդէ զինք:
«Եւա» ֆիլմը նկարահանուած է «Հայաստանի ազգային կինօ կեդրոն»-ի եւ «Ֆարապի ֆիլմարտադրութեան կեդրոն» հիմնադրամի (պետական ֆոնտ) ֆինանսական աջակցութեամբ: Ֆիլմին սենարի հեղինակը Անահիտ Ապատն է, իսկ արտադրողը` Թաղի Ալիղուլիզադեհը: Ֆիմի դերասաններն են Նարինէ Գրիգորեանը, Շանթ Յարութիւնեանը, Մարջան Աւետիսեանը, Ռոզի Աւետիսեանը, Սերգէյ Թովմասեանը, Վրէժ Քասունին, Տիգրան Դաւթեանը, Նանօր Պետրոսեանը, Էւելինա Ադամեանը, Մարատ Դաւթեանը եւ այլոք: