Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է hալէպահայ Մարալ Պոյաճեանի «Երբ Կակաչները Կը Բացուին» գիրքը

Թուրքիոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է Լոս Անճելըս բնակող հալէպահայ Մարալ Յարութիւնեան-Պոյաճեանի  «Gelincikler acarken» («Երբ կակաչները կը բացուին») վէպի թրքերէն տարբերակը:

Վէպը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին Սասունի Սալոր գիւղին մէջ բնակող երկու երիտասարդի` Անոյի եւ Տարօնի սիրոյ մասին: Իր աւանդոյթներուն ամուր կառչած, լեռներու ծոցին մէջ ծուարած ու իր գիւղական առօրեայի մէջ թաղուած Սալորը կարծես լիովին կտրուած էր արտաքին աշխարհէն:

Բայց Վանի ինքնապաշտպանութեան, քրտական խումբերու յարձակումներուն, տարբեր վայրերու մէջ հայերու կոտորածներու մասին լուրերը այստեղ նոյնիսկ կը սկսին հասնելու: Արեւմտեան Հայաստանին մէջ սովորական գիւղի մը սովորական բնակիչներու օրինակով հեղինակը կը ներկայացնէ հայերու հարկադիր հրաժեշտի պատմութիւնը իրենց սիրելի հայրենիքին, հողին ու ջուրին: Սա նաեւ սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ կ՛ապացուցէ, թէ սէրը չի մեռնիր նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը մեռնին սիրահարները:

Հալէպ ծնած Մարալ Յարութիւնեան-Պոյաճեանը փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ կը բնակի Լոս Անճելըս: 2011 եւ 2014 թուականներուն ան այցելած է Վան, Պիթլիս, Մուշ, Շէնիկ եւ Սասուն` իր պապերու հայրենիքը, ուր ան նախապէս չէր եղած: Պոյաճեանի «Երբ կակաչները կը բացուին» գիրքը հրատարակուած էր 2015-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: